Համաշխարհային լրատուական գլխաւոր գործակալութիւնները, սկսելով «Սի.Էն.Էն.»էն մինչեւ արաբական «Էլ Ճէզիրա»ն, ինչպէս նաեւ գրեթէ բոլոր հեղինակաւոր թերթերը, 10 Հոկտեմբերին, իրենց գլխաւոր լուրերու բաժինին մէջ ունէին ցիւրիխեան իրադարձութիւններու մասին նիւթեր՝ զանոնք գլխաւորաբար նկատելով «պատմական քայլ մը՝ երկու դարաւոր թշնամիներու միջեւ»։
Ամերիկեան «Էյ.Փի.»ն զայն համարած է Ամերիկայի նախագահ Պարաք Օպամայի առանցքային նուաճում։ «Այդ յարաբերութիւնները կրնան մեղմացնել Կովկասի ձգտեալ վիճակը եւ նպաստել դէպի Արեւմուտք երկարող ուժանիւթային միջանցքին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան բարձրացման», գրած է «Էյ.Փի.»ն։
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի թղթակից Զէյնէպ Կիւրճանլը, մեկնաբանելով Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրումն ու անոնցմէ առաջ տեղի ունեցած տագնապը՝ կը գրէ, որ Ցիւրիխի մէջ արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան քանի մը ժամով ձգձգման պատճառը ղարաբաղեան տագնապն էր։ «Հայաստան կը կրկնէր, թէ Ղարաբաղի հարցը Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման նախապայման չէ, սակայն ըստ Թուրքիոյ, հակառակ անոր, որ Ղարաբաղի խնդիրը ներառուած չէ արձանագրութիւններուն մէջ, սակայն արձանագրութիւնները ուժի մէջ մտցնելու համար, Ղարաբաղի խնդիրը նախապայման է», կը գրէ ան։ Ան կը նշէ նաեւ, որ հակառակ անոր, որ արձանագրութիւնները ստորագրուած են, ոչ ոք կ՛ըսէր, թէ սահմանները պիտի բացուին կամ երկկողմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատուին։ «Ստորագրուած արձանագրութիւնները ուժի մէջ մտնելու համար, պէտք է վաւերացուին։ Անգարայի մէջ, կը վստահին Թուրքիոյ խորհրդարանին։ Մինչեւ ղարաբաղեան հարցին մէջ Ատրպէյճանը գոհացնող լուծում չգտնուի, արձանագրութիւնները խորհրդարանի ընդհանուր քննարկման նիւթ պիտի չըլլայ։ Այսինքն, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Ատրպէյճանի խորհրդարանին մէջ տուած իր խոստումին տէրն է»։ Թուրք թղթակիցը կ՛ըսէ, որ «Արձանագրութիւններու ստորագրութեամբ, Անգարայի գլխին ճոճուող Ցեղասպանութեան սուրը կը դրուի վերահսկողութեան տակ։ Դեռ չվաւերացուած վիճակով իսկ, արձանագրութիւնները արտաքին քաղաքականութեան մէջ իբրեւ գործիք կ՛օգտագործուին Թուրքիոյ կողմէ»։
Անդրադառնալով Ցիւրիխի մէջ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրման արարողութեան՝ ռուսական «Ռոսիսքայա Կազեթա» օրաթերթը կը գրէ, թէ «Բոլորը կը փորձէին խուսափիլ վրիպումներէ. ոչ միայն Անգարան եւ Երեւանը, այլ նաեւ մինջնորդները՝ Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական միութիւնը։ Մինչեւ անգամ ստորագրութենէն ետք արտասանուելիք խօսքերը որոշած էին նախօրօք ցոյց տալ իրարու, որուն պատճառով ալ քիչ մնացած էր ամէն ինչ ձախողութեան մատնելու»։ Օրաթերթը ստորագրութիւնը կը նկատէ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ առաջին համատեղ դիւանագիտական յաջողութիւնը։ Ըստ օրաթերթին, տագնապը ստեղծուած է, երբ հայկական կողմը դէմ դրած էր Տաւութօղլուի արտասանելիք խօսքին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ու Ցեղասպանութեան առնչուող կէտերուն: Ըստ թերթին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Նալբանդեանին յղած է անգլերէնով գրութիւն մը, ուր ըսուած է. «Էդուա՛րդ, համաձայնիր արարողութեան՝ առանց յայտարարութիւններուն»։ Սոյն գրութեան տակ անմիջապէս ստորագրած են նաեւ Ֆրանսայի, Եւրոմիութեան եւ Սլովենիոյ արտաքին գործոց նախարարները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.