ՏՈՔԹ. ՐԱՖՖԻ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ
Տարերային յուզումի մէջ է հայաշխարհը։ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ու զարգացման գծով նախաստորագրուած զոյգ արձանագրութիւններուն առթած համաժողովրդային ընդվզումը տակաւ կը ծաւալի՝ ի տես ազգի հաւաքական իղձերն ու երազները խորտակել սպառնացող վտանգին։
Ճակատագրական ու պատմական նշանակութիւն ունեցող նման պահերուն, ակամայ մեր մտապատկերին վրայ դարձեալ կը յայտնուի Խրիմեան Հայրիկի վեհաշուք կերպարը, որուն խիզախ ու մարտնչող ոգին տակաւին կը սաւառնի Վանի, Տարօն աշխարհի ու մանաւանդ պատմական Վաղարշապատի՝ Էջմիածնի երկնակամարին վրայ։
Հայրիկ կոչումը նոր իմաստ մը ու նոր հանգամանք մը աւելցուցած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի իր պաշտօնին։ Օսմանեան Թուրքիոյ ու Ցարական Ռուսաստանի ամենազօր ապարանքները չէին կրցած Խրիմեան Հայրիկի մէջ կոտրել պայքարի կորովն ու իր ժողովուրդի իրաւունքներուն ու ապագային հանդէպ անսասան հաւատքը։ 1903ին, երբ «ռուսաց մեծազօր կայսրը» հրահանգեց գրաւել հայ եկեղեցական կալուածները, Խրիմեան Հայրիկ պատմական իր առաքելութեան հաւատարիմ մերժեց ենթարկուիլ ցարական հրամանին եւ արիօրէն յայտարարեց՝ «Այն օրէն, երբ ես Էջմիածին մտայ եւ երդմամբ ընդունեցի ռուսաց մեծազօր կայսեր հպատակութիւնը, ուխտեցի լինել ամենահաւատարիմ հպատակը իմ թագաւոր կայսեր… Միաժամանակ երդուեցի Աստուծոյ առջեւ, եկեղեցիի եւ իմ ժողովուրդի առջեւ՝ մնալ հաւատարիմ ս. Եկեղեցւոյս եւ ազգիս, պահպանել անոր դարաւոր սրբագործուած իրաւունքները… եւ երբէք չդաւաճանել իմ կոչմանս, եթէ նոյնիսկ մահ ինձ վիճակուի… իմնալով հանդերձ հաւատարիմ հպատակ իմ թագաւոր Կայսեր, կը յայտնեմ, որ երբէք չեմ կրնար, իբրեւ Հայոց Հայրապետ, համաձայն լինել ներկայ օրէնսդրութեան եւ չեմ ընդուներ զայն երբէք»։
Բռնութիւնները սաստկացան Հայրիկին վրայ, սակայն ան մնաց անսասան։ Ժողովուրդը համախմբուեցաւ Հայրիկին շուրջ, պայքարը եւ ժողովրդային ընդվզումը ծաւալեցաւ ու 1905ին Ցարը հարկադրուեցաւ յետս կոչել իր տխրահռչակ հրամանը։ Այսպիսին էր Էջմիածինը այդ տարիներուն։ Խրիմեանին յաջորդեցին նոյնքան խիզախ հովուապետներ, խորհրդային տարիներուն նահատակութեան պսակով իսկ անմահացած հայրապետներ։ Այդպէս էը նաեւ պատմութեան մէջ, հայոց հայրապետները թագաւորներն ու իշխանները զգաստացնող հեղինակութիւններ էին, թշնամիին դէմ մղուած պատերազմները առաջնորդող մարտիկներ, մեր ժողովուրդին հետ նահատակութեան կարմիր ճանապարհէն հերոսաբար քալող առինքնող հերոսներ։ Ժամանակները շատ բան փոխած են։ Դժբախտաբար։
Այսօր, անշուշտ, հայ եկեղեցական կալուածներու գրաւման հարց չկայ։ «Ռուսաց մեծազօր կայսր»ի հրաման չկայ։ խորհրդային դաժան վարչակարգին բիրտ ճնշումները չկան։ Սակայն, նոր տագնապներ սեւ ամպերով մթագնած են հայաշխարհի երկնակամարը։ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մեր ազգային իրաւունքներն ու հաւաքական արժանապատուութիւնը սակարկութեան դրուած են Հայաստան–Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն ճամբով։
Ակնակառոյց հայեացները ի զուր սպասեցին Ամենայն Հայոց Հայրապետի զգաստացնող խօսքին։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Սեպտեմբեր 30, 2009 թուակիր խուսափողական յայտարարութենէն ետք այլեւս նախատեսելի էր գալիքը։
Ամենայն Հայոց լռութիւնը ի վերջոյ խզուեցաւ։ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2009ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ներկայ գտնուեցաւ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին, ուր ըստ կատարուած լրատուութեան «բոլոր մասնակիցները իրենց աջակցութիւնն են յայտնել հայ–թուրքական նախաստորագրուած արձանագրութիւններին»։
Կարիք կա՞յ այլեւս վերստին յուշելու Խրիմեան Հայրիկի խօսքերը … «մնալ հաւատարիմ ս. Եկեղեցւոյս եւ ազգիս, պահպանել անոր դարաւոր սրբագործուած իրաւունքները…»։ ՀՀ նախագահը յաջողեցաւ իր ձեռնարկած արկածախնդրութեան ու առած քայլին մասնակից ու մեղսակից դարձնել նաեւ հայոց հայրապետը։ Կը մտածենք, հայոց հայրապետը ի՞նչ գործ ունի Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին մէջ։ Պատմակշիռ հանգամանք ունեցող հարց մը ըլլալու է, անշուշտ, որ նախագահը անհրաժեշտ գտած է Ամենային Հայոց Կաթողիկոսը եւս մասնակից դարձնել այդ նիստին։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր ներկայութեամբ, իր համակերպող կրաւորականութեամբ ու մանաւանդ համամտութեամբ կը հաստատէ այդ զոյգ արձանագրութիւններուն բովանդակութիւնը։ Այլ խօսքով, ան համաձայն կը գտնուի «ստեղծել միջկառավարական երկկողմ յանձնաժողով»՝ որպէսզի ձեռնարկէ «պատմական հարթութեան երկխօսութեան, այդ թւում, պատմական փաստաթղթերի եւ արխիւների գիտական, անկողմնակալ ուսումնասիրութեան….» ։ Կարիք կա՞յ հայոց հայրապետին յիշեցնելու թէ հայ եւ թուրք ժողովուրդներուն միջեւ պատմական հարթութեան ի՞նչ հարցեր կան, եւ թէ այսպիսով Հայոց Ցեղասպանութեան պատմականութիւնն է որ քննարկումի կը դրուի։ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին իր մասնակցութեամբ կաթողիկոսը իր օրհնութիւնը կու տայ Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած մեր տարածքները Թուրքիոյ զիջելու իշխանութիւններու դաւաճանական քայլին եւ «տարածքային ամբողջականութեան» սկզբունքի ամրագրումով հնարաւորութիւնը կը ստեղծէ Արցախի հարցին մէջ ինքնորոշման իրաւունքի հնարաւոր անտեսումին։
Այս բոլորը համահու՞նչ են արդեօք Խրիմեան Հայրիկի արիասիրտ օրինակին՝ «մնալ հաւատարիմ ս. Եկեղեցւոյս եւ ազգիս, պահպանել անոր դարաւոր սրբագործուած իրաւունքները…»։ Ընթերցողը ի՛նք կրնայ դատել։ Պատմութիւնը անխուսափլիօրէն ի՛նք պիտի դատէ։
Կարելի չէ յայտարարել որ «Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդը վերահաստատում է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը անվիճարկելի իրողութիւն է, ինչպէս եւ՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան եւ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքը», մինչ վերոնշեալ զոյգ արձանագրութիւններուն մէջ գրուած է ըսուածին ճի՛շդ հակառակը։
Կարելի չէ յայտարարել որ «մեր ժողովուրդը եւ հայրենի իշխանութիւնները երբէք չեն հրաժարուի հետապնդելու եւ պաշտպանելու մեր ազգային արդար իրաւունքները», երբ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստի ընթացքին այդ արդար իրաւունքներուն նկատմամբ ՀՀ իշխանութիւններուն եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ կը հաստատուի ճիշդ հակառակին փաստը։
Նախընտրելի պիտի ըլլար շարունակել Ամենայն Հայոց լռութիւնը, փոխանակ մեղսակից ներկայութեամբ «օրհնելու» հայրենիքի վաճառքին, Ցեղասպանութեան ճանչման ու հատուցման հասցուած դարանակալ ներքին հարուածը։