ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ խումբ մը հայ մտաւորականներու նախաձեռնած «ոչ» արշաւը, որուն թիրախն է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու միտող արձանագրութիւնները, արդէն իսկ 30 երկիրներէ հայերու աջակցութիւնը ապահոված է՝ ցոյց տալով, թէ Թուրքիոյ նախապայմանները հայութեան պարտադրող այդ արձանագրութիւնները կտրուկ կերպով կը մերժուին հայութեան կողմէ:
«Ոչ»արշաւի նախաձեռնողներն են բանաստեղծ, վիպագիր ու գրաքննադատ Գրիգոր Պըլտեան, յօդուածագիր Ժանին Ալթունեան, լրագրողներ Արփիկ Միսաքեան ու Արփի Թոթոյեան, պատմաբան Իվ Թեռնոն, Պոխում համալսարանի Սփիւռքներու եւ ցեղասպանութեանց ուսմանց հիմնարկի վարիչ Միհրան Տապաղ եւ Ցեղասպանագէտներու միջազգային միութեան նախկին ատենապետ Ռաճճըր Սմիթ: www.votch.org համացանցային կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Հայկական Ցեղասպանութեան նման իւրայատուկ հարց բանակցութեանց նիւթ դարձնելը պատճառ պիտի ըլլայ, որ իրականութիւնը զոհ երթայ քաղաքական հաշիւներու. յայտարարութեան մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ արձանագրութեանց ստորագրութեամբ Հայաստանի իշխանութիւնները մեղսակից պիտի դառնան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ առաջ մղուող այն քաղաքականութեան, որուն նպատակն է մասնատել հայ ժողովուրդը եւ մեկուսացնել Սփիւռքը:
Այս արձանագրութիւններուն միջոցաւ Թուրքիա կը փորձէ պատմութեան իր սխալ տարբերակը պարտադրել տնտեսապէս տկար դիրքի վրայ գտնուող Հայաստանին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.