ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ մեր համայնքի կարկառուն դէմքերէն եւ Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ գործիչ Յարութ Սասունեանը պիտի պարգեւատրուի կազմակերպութեան բարձրագոյն՝ «Ժառանգութիւն» մրցանակով, աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին հայկական կազմակերպութեանց իր մատուցած կամաւոր սպասարկութեանց համար:
Պարգեւատրումը պիտի կայանայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ճաշկերոյթին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Convention Center-ի սրահին մէջ, Կիրակի, Նոյեմբեր 8ին:
Սասունեան հրատարակիչն է «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթին, իսկ անոր շաբաթական քաղաքական յօդուածները լոյս կը տեսնեն Միացեալ Նահանգներու տարածքին եւ անկէ դուրս զանազան թերթերու եւ համացանցային կայքերու մէջ: Ան նաեւ ամերիկահայ 7 կարեւորագոյն մարդասիրական կազմակերպութիւններու ջանքերով կեանքի կոչուած Միացեալ հայկական հիմնադրամին նախագահն է: Հիմնադրամը վերջին 20 տարիներուն աւելի քան 575 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրած է Հայաստան:
Սասունեան նաեւ Քըրք Քըրքորեանի մարդասիրական «Լինսի» հիմնարկի գլխաւոր փոնախագահն է, եւ այդ հանգամանքով հետեւած է 250 միլիոն տոլարի ենթակառուցային նորոգութեան ծրագիրներու իրականացման աշխատանքին:
1978-1982ի միջեւ, ան Ժընեւի մէջ եղած է «Փրաքթըր էնտ Կէմպըլ» ընկերութլեան միջազգային շուկայական հարցերու վարիչ, իսկ 10 տարիներ ծառայած է ՄԱԿի մէջ, իբրեւ ոչ կառավարական կազմակեպութեանց պատուիրակ, մարդկային իրաւանց հարցերով: Ան գլխաւոր դերակատարներէն էր ՄԱԿի Խտրականութեան եւ փոքրամասնութեանց պաշտպանութեան ենթայանձնախումբին կողմէ՝ 1985ին Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վաւերացումը ապահոված աշխատանքին մէջ:
Սասունեան Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանէն մագիստրոսի վկայական ստացած է միջազգային յարաբերութեանց ճիւղին մէջ եւ վկայագիր մը ունի Միջին Արեւելքի ուսմանց բաժանմունքէն, իսկ Փէփըրտայն համալսարանէն մագիստորոսի վկայկան՝ գործարարութեան վարչութեան մարզին մէջ:
Ան հեղինակն է «The Armenian Genocide: The World Speaks Out, 1915-2005, Documents and Declarations» հատորին, որուն արաբերէն օրինակը լոյս տեսած է Լիբանանի մէջ:
Սասունեան նաեւ անդամ է Սփիւռքի նախարարութեան ատեանին եւ աւելի քան 12 տարի եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վարչութեան անդամ: Ան շքանշաններ ստացած է Հայաստանի նախագահէն ու վարչապետէն, Հայց. առաքելական ու կաթողիկէ եկեղեցիներէն, նաեւ արժանացած է ամերիկեան «Էլիս Այլընտ» շքանշանին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը մրցանակներ կը շնորհէ արդարութեան եւ ազատութեան համար պայքարած անձնաւորութիւններու: Նախորդ տարիներուն մրցանակներ ստացած են Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթօնիօ Վիարայկոսա, ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզ եւ քոնկրէսականներ Էտ Ռոյս ու Ճէքի Սփիր:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 500-1918 թիւին: Տոմսերը կարելի է ապահովել www.itsmyseat.com համացանցային կայքէն: