ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ հրապարակուած տեղեկագրութեան, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն անցեալ Ուրբաթ օր Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ իր հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, թէ «Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը հայ-ատրպէյճանական տագնապին մէջ «սթաթիւս քոն» անընդունելի կը նկատէ»։
«Միացեալ Նահանգներու նոր վարչակազմը կը վերահաստատէ ղարաբաղեան խնդիրի շուտափոյթ լուծման իր աջակցութիւնը», ըսած է ան։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը, իր կարգին, երախտագիտութիւն յայտնած է այն ուշադրութեան համար, զոր Ուաշինկթըն կը ցուցաբերէ այս խնդիրին նկատմամբ, եւ նշած է, որ տագնապը կարելի է լուծել միայն գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն ծիրին մէջ։
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, նոյն օրը նոյն խնդիրին շուրջ քննարկում կատարած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպաման եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան, որոնք հանդիպում ունեցած են Փիցպըրկի մէջ՝ Քսաններու (G-20) ժողովին ընթացքին։
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ շուրջ 15 վայրկեան տեւած առանձնազրոյցի մը ընթացքին Օպամա դրական գնահատած է Հայաստան-Թուրքիա մերձեցումը եւ նշած, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը մեծ նշանակութիւն ունի ամբողջ շրջանին համար։ Ան նաեւ ըսած է, որ կը գիտակցի ղարաբաղեան տագնապի լուծման կարեւորութեան, որուն ի պատասխան, Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարած է, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը պէտք է տագնապը լուծելու ուղղութեամբ իր ջանքերը աշխուժացնէ։