ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրք պաշտօնատար մը Կիրակի, Սեպտեմբեր 27ին, «Ա.Էֆ.Փէ.» լրատու գործակալութեան բացայայտեց, թէ Հայաստան եւ Թուրքիա, 10 Հոկտեմբերին, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ պիտի ստորագրեն Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները բնականոնացնելու արձանագրութիւնները։
Այս բացայայտումէն կարճ ժամանակ ետք, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան հաստատեց սոյն լուրը՝ յայտնելով, որ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարները 10 Հոկտեմբերին հանդիպում մը պիտի ունենան՝ ստորագրելու համար արձանագրութիւնները:
Լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ՝ կը տեղեկացնէ, որ նախապէս համաձայնեցուած արձանագրութիւններուն տակ իրենց ստորագրութիւնները պիտի դնեն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու։ Արարողութեան հաւանաբար մասնակցի նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններուն ընթացքին միջնորդութիւն կատարած Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Միշլին Քալմի Ռէյ։ Արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք, երկու երկիրներու կառավարութիւնները փաստաթուղթը վաւերացման համար պիտի ներկայացնեն իրենց երկիրներու խորհրդարաններուն։
«Panorama.am»ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեան, այս հարցին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ բաւարարուած է յայտնելով, թէ «Երբ գործընթացի յաջորդ փուլերի վերաբերեալ յստակութիւն լինի, ապա մենք դրա մասին կը տեղեկացնենք»:
Նշենք, որ Էրտողան նախապէս Փրինսթըն համալսարանին մէջ դասախօսներու եւ ուսանողներու առջեւ իր արտասանած ճառին մէջ յայտարարած էր, թէ արձանագրութիւնները կրնան Հոկտեմբեր 10ին կամ 11ին ներկայացուիլ Թուրքիոյ խորհրդարան:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ վարչապետը Նիւ Եորքի «Մարրիոթ Մարքիզ» պանդոկին մէջ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու թրքական համայնքին հետ եւ ներկաներուն հակիրճ կերպով ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին։
«Անատոլու» լարտու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան յայտնած է. «Մենք ջանք կը թափենք, որպէսզի գտնենք լուծում մը, որ շահաւէտ ըլլայ Թուրքիոյ համար, սակայն նաեւ չվնասէ Ատրպէյճանին։ Մենք այլընտրանքի մասին չենք կրնար մտածել»։
«Անատոլու» նաեւ կը յայտնէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Մէհմէտ Ալի Շահին Շաբաթ օր Ատրպէյճանի մէջ վստահեցուցած է, թէ Թուրքիա երբեք պիտի չառնէ այնպիսի քայլեր, որոնք կրնան Ատրպէյճանի վնաս հասցնել։
Շահին, որ Պաքու կը գտնուէր մասնակցելու համար թրքախօս երկիրներու խորհրդարանական համախմբումի գերաստիճանին, հանդիպում ունեցած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ շարք մը բարաձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.