ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28ին, Իրանի զինուորական ուժերու Յեղափոխութեան պահապանները յաջողութեամբ ամբողջացուցած են միջին հասողութեամբ երկու տեսակի հրթիռներու փորձերը, որոնք կարողութիւն պիտի տան երկրի զինուորական ուժերուն հարուածելու մինչեւ 1200 մղոն (200 քլմ.) հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներ:
Այս հրթիռներուն հասողութեան ծիրէն ներս կ՛իյնան Իսրայէլը, Եւրոպայի կարգ մը շրջաններ եւ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան զինուորական կարգ մը խարիսխներ: