ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
Տակաւին Ապրիլ 24ի նախօրեակին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ յայտարարուած անարդար երկխօսութեան ձգած արդիւնքներն ու հետքերը կը փորձէինք տրամաբանել, երբ յանկարծ պայթեցաւ ուրիշ նորութիւն մը, ուրիշ յայտարարութիւն մը, նոր արհաւիրք մը հայ ժողովուրդի եւ հայրենիքի գլխուն վրայ:
Հայաստանի կառավարութիւնն ու Թուրքիոյ կառավարութիւնը համաձայնեցան արձանագրութիւններու շարք մը ստորագրելու շուրջ: Արձանագրութիւններ, որոնց մասին բոլորովին անտեղեակ պահուած էր հայ ժողովուրդը թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի մէջ: Արձանագրութիւններ, որոնք ոչ միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանը բանալու նպատակ կը պարունակեն, այլ մոռցնել կու տան Հայկական Ցեղասպանութիւնն ու տարիներ շարունակ երկարող հայ ժողովուրդի հողային պահանջները եւ իրաւունքները:
Սակայն հարց կը ծագի մեր միտքերուն մէջ, թէ՝ ո՞վ ունի իրաւունք մոռցնել տալու մեզ մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն յիշատակը: Ո՞վ կրնայ մեզ թելադրել զիջիլ այն, ինչ մերն է արդարօրէն: Ո՛չ մէկ նախագահ, ո՛չ մէկ արձանագրութիւն, ո՛չ մէկ պետութիւն, ո՛չ մէկ դաշինք ու աւելին՝ ո՛չ մէկ գերպետութիւն:
Հայ պատմութեան սեւագոյն էջէն՝ Մեծ Եղեռնէն ետք, տարիներ շարունակ հայ ժողովուրդը վառ պահած ու յարգած է իր նախնիներուն յիշատակը՝ խոստանալով պահանջատէր ըլլալ իր իրաւունքներուն ու արդարութեան: Ան պայքարած է նոյնիսկ արեան ու կեանքի գնով, չէ ընկճուած ոչ մէկ ուժի, ոչ ալ նոյնիսկ օտարութեան ու հայրենազրկութեան կալանքներուն դիմաց: Իսկ այսօր ոչ ոք կրնայ այս կամ այն շահերուն եւ կամ ասոր կամ անոր հաճոյանալու համար, այս ժողովուրդին հակառակը պարտադրել, ստիպել, որ զիջի հողային տարծքը՝ տարիներու երազն ու թափուած արիւններուն յիշատակը:
Հայաստանի կառավարութիւնը, նախագահ Սերժ Սարգսեանը, արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ բոլոր անոնք, որոնք մասնակից են այս տխրահռչակ արձանագրութիւններու ստեղծման, թող լաւ իմանան, որ մենք՝ մեծ ու փոքր, տեղի պիտի չտանք իրենց որոշումներուն եւ մեր պոռթկումը պիտի յայտնենք իրենց ու համայն աշխարհին, հաստատելով, որ առանց արդար լուծման՝ հայ-թուրք յարաբերութիւնները կ՛ըլլան միայն կեղծ եւ անձնական շահեր հետապնդող:
Մենք՝ դաշնակցական պատանիներս, ջահակիրներն ըլլալով մեր նախնիներու պայքարին, պիտի շարունակենք անոնց ընտրած ուղին, պիտի քալենք նոյն ճամբան, պիտի չզիջինք այն, ինչ արդարօրէն մեր ժողովուրդին կը պատկանի եւ այն, ինչ բռնի ուժով ու անարդարաբար գրաւուած է մեզմէ:
Մենք կը խոստանանք պայքա՛ր, պայքա՛ր մինչեւ վերջ,
Կը խոստանանք ոչ մէկ զիջում արձանագրել,
Կը խոստանանք մեր նախնիներուն, ամենայն համոզումով, որ յաղթանակը մերն է, յաղթանակը արդարութեանն է, յաղթանակը Հայ ժողովուրդի՛նն է:
Պատանեկան Ընդհանուր Վարիչ Մարմին