ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայ-թրքական արձանագրութիւններու հրապարակումէն անցած է արդէն երկու շաբաթ եւ արդէն պարզ է բոլորին, անհատ թէ միութիւն, թէ ի՛նչ վտանգ կը սպառնայ այդ փաստաթուղթը եւ ինչպիսի՛ ծանր գին պիտի վճարեն մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը այդ փաստաթուղթի ստորագրումով:
Մենք պիտի շարունակենք ամէնօրեայ մեր հրապարակումները՝ լուսաբանելով այս փաստաթուղթերուն մէջ յայտնի ու թաքնուած վտանգները, բանալով անոնց մութ ծալքերը հանրութեան առաջ:
Ուրախ ենք արձանագրելու, որ համայնքէն ներս այս վտանգը միասնաբար դիմագրաւելու տրամադրութիւնը տիրապետող դարձած է, իսկ քաղաքական, հասարակական ու հոգեւոր բոլոր հոսանքներն ու կազմակերպութիւնները կը ջանան համադրել ու կեդրոնացնել իրենց աշխատանքները՝ առաւելագոյն արդիւնք ձեռք ձգելու եւ մեր հաւաքական ձայնը հայրենի իշխանութիւններուն լսելի դարձնելու համար:
Հասկնալի է, թէ միացեալ հաւաքը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 27ին, պիտի հանդիսանայ առաջին առիթը՝ համայնքին միացեալ ձայնը բարձրացնելու եւ զայն ուղղելու առ Երեւան:
Մինչ այդ, սակայն, կարեւոր է, որ միութիւնները, կազմակերպութիւնները, իրենց առանձին հանդիպումները ունենան, իրենց անդամներուն հետ խորհրդակցին, իրենց միտքերն ու կեցուածքները բանաձեւեն ու զանոնք հրապարակեն ի լուր աշխարհին:
Այդ հանդիպումները նաեւ վստահաբար գործնական այլ արդիւնքներ կ՛ունենան՝ մթնոլորտ նախապատրաստելով Սեպտեմբեր 27ի հաւաքին, որուն մասնակիցներուն թիւը կենսական նշանակութիւն պիտի ունենայ սոյն արշաւի բարեյաջող աւարտին համար:
Ամէն ինչ պէ՛տք է ընել: Կրաւորական ու ձեռնածալ մնալու ժամանակը չէ: Ուրիշին վստահելու պահը չէ: Իւրաքանչիւրս ընելիք ունի: Իւրաքանչիւրս ըսելիք ունի: