ՊԱՔՈՒ, «Ազատութիւն».- Երեքշաբթի, Օգոստոս 18ին հաղորդուեցաւ, թէ Ատրպէյճանի իր բանտին մէջ մահացած է «Թոլշի սետօ» («Թալիշներու ձայն») օրաթերթի խմբագրապետ Նովրուզալի Մամատով։ 68ամեայ Մամատով «պետութեան դաւաճանելու» ամբաստանութեամբ դատապարտուած էր տասը տարուան բանտարկութեան։ Ան յատկապէս մեղադրուած էր Իրանի գաղտնի սպասարկութեան հետ համագործակցելու յանցանքով։ Խմբագրին մեղադրանք ներկայացուած էր նաեւ ազգային, ցեղային եւ կրօնական թշնամանք սերմանելուն համար։
Թերթի խմբագիր ըլլալու կողքին, Մամատով թալիշներու մշակութային կեդրոնի ղեկավարն էր։ Ան նախապէս ղեկավարած է նաեւ Ատրպէյճանի գիտութիւններու ակադեմիայի լեզուաբանութեան բաժինը։
Ըստ ատրպեճանական աղբիւրներու, Մամատով շարք մը հիւանդութիւններէ կը տառապէր: Ան Յուլիս 28ին տեղափոխած էր բանտի հիւանդանոցը։
Մամատով ձերբակալուած էր Փետրուար 2007ին։ Անցեալ Ապրիլին, Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ատրպէյճանի հարցով զեկուցողներ այցելած էին անոր:
Միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ու շարք մը արեւմտեան երկիրներու դիւանագէտներ բազմաթիւ անգամներ կոչ ըրած էին Պաքուի իշխանութիւններուն, որ ազատ արձակեն խմբագրապետը։
Մարդկային իրաւանց պաշտպանները կը պնդեն, թէ Մամատովի դէմ դատը շինծու էր ու զայն քաղաքական բանտարկեալ կը նկատէին։