ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Մարմարա» օրաթերթը Ուրբաթ օրուան իր թիւով կը գրէ.
«Նորշին»ի մասին ստեղծուած բանավէճը դարձեալ օրակարգի բերած է անունները փոխուած վայրերու հարցը։ «Ռատիքալ» այսօր (Ուրբաթ-Խմբ.) կը յիշեցնէ, թէ գիւղերու ու քաղաքներու անունները փոխելու օրէնքին գործադրութենէն ասդին Թուրքիոյ մէջ 28 հազար բնակավայրերու անուններ փոխուած են, որոնցմէ աւելի քան 12 հազարը գիւղերու անուններ են։ Փոխուած անունները երկու տեսակ են։ Թրքերէն անուններ ու թրքերէնէ տարբեր լեզուներով անուններ։ Անունները փոխելու այս գործընթացը 1940ին սկսաւ եւ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի։ Անուանափոխումը ամէնէն շատ կիրարկուեցաւ Սեւ Ծովեան ափերու վրայ ու արեւելեան ու հարաւ-արեւելեան Անատոլուի շրջաններուն մէջ։
«Ռատիքալ» այս տեղեկութիւնները հիմնած է «Ֆրաթ» Համալսարանի դասախօս Հարուն Թունճէլիի կողմէ 2000ին հրատարակուած ուսումնասիրութեան մը վրայ։ Այս աշխատանքը լոյս կը սփռէ վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին կատարուած անուանափոխումներուն վրայ։
12 հազար գիւղերու անունները փոխուած են. ասիկա կը նշանակէ՝ գիւղերու հարիւրէն 35ը։ Ամէնէն առաջ փոխուած են այն անունները, որոնք թրքերէն չեն կամ որոնց մասին կասկած կայ թէ՝ թրքերէն չեն։ Բայց փոխուած են նաեւ թրքերէն կարգ մը անուններ, որոնք տգեղ կը հնչեն կամ ծաղրանքի ճամբայ կը բանան, ինչպէս՝ Ճատը, Աթգաֆասը, Չիւրիւք, Տէլիլէր, Տէօնէք, Քէչի Քըլլը, Գալթաքլը, Քէօթիւգէօյ, եւ այլն։ Կարգ մը անուններ ալ հիմնովին չեն փոխուած, բայց անոնց մէջ մէկ կամ երկու տառերու փոփոխութեամբ, աւելի ծանօթ անուն ստեղծուած է գրաւոր լեզուի համար։
Իսկ արեւելեան Անատոլուի (Արեւմտեան Հայաստան-«Ասպարէզ») ու հարաւ-արեւելեան Անատոլուի մէջ փոխուած անուններուն մեծամասնութիւնը՝ հայերէն, քրտերէն կամ արաբերէն արմատ ունեցող անուններն են։ Թունճէլի ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, որ տեղացիները տակաւին բոլորովին իւրացուցած չեն նոր անունները ու կը շարունակեն գործածել հիները։ Մանաւանդ գիւղերու երէցները, կը գործածեն հին անունները, միայն երիտասարդներն են, որոնք դիւրութեամբ կ՛ընկալեն նոր անունները ու կը գործածեն զանոնք։ Յայտնի է, որ նոր անուններու գործածութեան համար անհրաժեշտ ժամանակը չէ անցած տակաւին եւ հին անուններու գործածութիւնն ալ ցոյց կու տայ, թէ հաւաքական յիշողութիւնը չէ անհետացած բոլորովին։ Ասիկա կապ ունի նաեւ ժողովուրդին իր տան մէջ գործածած լեզուին հետ։ Բայց նոր անունները անշուշտ կամաց-կամաց կը պարտադրեն իրենք զիրենք։ Դպրոցներու մէջ կամ պետական գրասենեակներէ ներս գործածուած անունները կամաց-կամաց մոռացումի կու տան հին անունները։ Բայց միաժամանակ դիտել կը տրուի, որ թրքերէն ըլլալով հանդերձ, գրաւոր լեզուի պատշաճեցնելու նպատակով կատարուած մէկ երկու տառերու փոփոխութիւնը երբեք պիտի չարժանանայ տեղացի ժողովուրդին հաւանութեան։ Կը կարծուի, որ այդ անունները դեռ հարիւրաւոր տարիներ պիտի գործածուին առաջուան ձեւով: