ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- «Հայելի» մամլոյ ակումբին մէջ, գրականագէտ Աւիկ Իսահակեան ու բանաստեղծ Յակոբ Մովսէս, Օգոստոս 3ին խօսած են հայ-թրքական յարաբերութիւններու քաղաքական եւ մշակութային տրամադրութիւններուն մասին: Երկու երկիրներու հնարաւոր յարաբերութիւններու զարգացման ներկայ վիճակը, Յակոբ Մովսէսին կարծիքով, զերծ է պետական մտածողութենէ:
«Այս հարցում ամէն ինչ հակասական է: Եթէ հայ-թուրքական սահմանը բացուի էլ՝ միեւնոյնն է, երկու ժողովուրդների միջեւ նորմալ (բնական-Խմբ.) շփում չի կարող լինել, քանի որ թուրքի դօշից դեռեւս կախուած է անբարոյ արարքը», յայտնած է ան։
Ըստ Աւիկ Իսհակեանի, հաշտութիւնը հարեւան երկրի հետ շատ կարեւոր է, սակայն՝ միայն ու միայն ներկայացուած նախապայմանները կատարելէ ետք:
«Ես մնում եմ հաւատարիմ Աւետիք Իսահակեանի այն մօտեցմանը՝ «Երբ Քրիստոսն ասում էր մի այտդ ապտակելուց յետոյ միւսն էլ դէմ տուր, այդ ժամանակ թուրք ազգը գոյութիւն չունէր»: Թուրքիայի հետ նորմալ յարաբերութիւններ ունենալուն, հայերս պատրաստ ենք աւելիին, քան իրենք՝ թուրքերը, եւ դա գուցէ վատ է», յայտնած է գրականագէտը:
Յակոբ Մովսէս, իր կարգին, խորապէս ըմբռնելով այն փաստը, թէ՝ 21րդ դարուն անտրամաբանական է երկու դրացի ժողովուրդներու միջեւ փակ սահմանը, այնուամենայնիւ, ան կը կարծէ, որ մեր ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու դրական դաշտ առայժմ գոյութիւն չունի:
Իբրեւ Հայաստանի քաղաքացի եւ ոչ թէ մտաւորական, իր կարծիքը բարձրաձայնած է նաեւ երգահան Ռուբէն Հախվերդեանը, ըստ որուն՝ քաղաքականութեամբ զբաղող հայ կիները աւելի խելացի են, քան տղամարդիկ: «Շատ կ՛ուզենայի, որ մեր քաղաքական այրերը գոնէ գրական հայերէնին տիրապետէին, յետոյ ծանօթանային հռետորական արուեստին: Մենք ապրում ենք խոր ֆէօդալիզմի ժամանակներում», յայտնած է Հախվերդեան։