ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- 1994ի Oգոստոսին կեանքի կոչուած «Առաւօտ» օրաթերթը 15 տարեկան է արդէն: Ան վերջին մէկ տարուան ընթացքին ընդլայնելով իր ծաւալը՝ 8 էջէն վերածուած է 16 էջի:
«Առաւօտ»ի խմբագրակազմը կը խոստանայ շարունակել իր աշխատանքը՝ հաւատարիմ մնալով նոյն սկզբունքներուն, որոնք են՝ ապահովել ճիշդ եւ բազմակողմանի տեղեկատուութիւն, իրենց տեսակէտները արտայայտելու հնարաւորութիւն տալ բոլոր քաղաքական հոսանքներուն, եթէ անշուշտ այդ տեսակէտները անձնական վիրաւորանք չեն արտայայտեր: