ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի գերագոյն կրօնապետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Երկուշաբթի, Օգոստոս 3ին, որոշ վերապահութեամբ հաստատեց Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի ընտրական յաղթանակը՝ արտօնութիւն տալով անոր, որ զինք ուսէն համբուրէ, մինչ չորս տարի առաջ ան այաթոլլային դէմքէն համբուրելու արժանի համարուած էր:
Այաթոլլայի այս որոշումը կը նշանակէ, թէ նախագահը իր երկրորդ երդման արարողութիւնը պիտի կարենայ կատարել Չորեքշաբթի օր, սակայն շարք մը կրօնապետեր կրնան բացակայիլ երդման արարողութենէն:
Այլ գետնի վրայ, Իրանի նախկին նախագահ Մոհամմէտ Խաթամի նախագահական ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցած խռովութեանց ընթացքին ձերբակալուած անձերուն դատավարութիւնը «բեմադրուած» որակեց՝ պահանջելով, որ իսկական ոճրագործներուն դէմ դատ բացուի։ Ան աւելցուց, որ Շաբաթ օր սկսած դատավարութիւնները ամօթալի են եւ կը տկարացնեն երկրին իսլամական կարգերը։
Նաեւ, Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը անցեալ Շաբաթ օր հաստատեց, թէ Իրան ձերբակալած է երեք ամերիկացիներ, որոնք հիւսիսային Իրաքէն Իրան մուտք գործած էին ապօրինի ձեւով։ Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի պատասխանատուներ յայտնեցին, որ երեք ամերիկացիները՝ երկու տղամարդ եւ մէկ կին, զբօսաշրջիկներ էին եւ սխալմամբ անցած էին Իրանի սահմանը՝ լեռնային շրջաններէն։
Իրանեան պատկերասփիւռի կայանը աւելցուց, որ չորս անձեր մտած են Իրան, սակայն անոնցմէ միայն մէկը վերադարձած է Իրաք։
Իրանի մէջ ամերիկեան իշխանութիւնները ներկայացնող Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ըսաւ, թէ Իրանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատունը յաւելեալ տեղեկութիւններ պահանջած է իրանեան իշխանութիւններէն՝ ձերբակալուած ամերիկացիներուն մասին, ինչպէս նաեւ պահանջած է հանդիպում ունենալ անոնց հետ։