ՄԱՅՏՈՒԿՈՒՐԻ, Նիճերիա, «Ռոյթըրզ».- Նիճերիոյ իշխանութիւնները Կիրակի, Օգոստոս 2ին կատարեցին հաւաքական յուղարկաւորութիւնը անցեալ շաբաթ, երկրին հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ ծագած իսլամականներու ապստամբութեան զոհ գացած հարիւրաւոր զոհերուն։
Մինչ ոստիկանութիւնն ու բանակը մերժեցին դիակներուն թիւին մասին տեղեկութիւններ տալ, տեղական թերթերու համաձայն, սպաննուածներուն թիւը կը հասնի 700ի։