ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Հայաստանի մօտ ՄԱԿ մշտական համակարգող Քոնսուէլօ Վիտալի միջեւ Յուլիս 24ին կնքուած է համաձայնագիր մը, ըստ որուն Հայաստանի պիտի տրամադրուի 72 միլիոն տոլար՝ 2010-2015 թուականներուն իրականացուող շարք մը ծրագիրներու համար:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Ք. Վիտալին՝ Տիգրան Սարգսեան յայտնած է, թէ գումարները պիտի ուղղուին յատկապէս ընկերային ծրագիրներու, ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման եւ նման կարեւոր ծրագիրներու, որոնք էական նշանակութիւն կրնան ունենալ ՀՀ տնտեսութեան զարգացման համար։
Իր կարգին, Ք. Վիտալ իրականացուելիք աշխատանքներուն մէջ շեշտած է կաշառակերութեան դէմ պայքարը, աղքատութեան յաղթահարման ուղղուած ծրագիրները եւ նոր աշխատատեղերու ստեղծումը։ Ըստ իրեն, այս քայլով ՄԱԿը կը շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի մէջ խոցելի խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ: