ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի կառավարութիւնը ստեղծած է Հայաստանի ազգային հերոս, ակադեմիկոս Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային գիտական մրցանակ, եւ այդ առումով կազմուած է յանձնաժողով մը, որ ներկայացուած աշխատանքներուն փորձաքննութիւնը պիտի կատարէ եւ մրցանակին թեկնածուները պիտի ընտրէ:
Յուլիս 23ի կառավարութեան նիստին, ԳԱ ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան յայտնած է, թէ Վ. Համբարձումեանի անուան մրցանակը պիտի շնորհուի 2010ի Սեպտեմբեր 18ին՝ ակադեմիկոսի ծննդեան օրը:
Նշենք, որ Վ. Համբարձումեանի անուան միջազգային գիտական մրցանակը հիմնուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով: Մրցանակը պիտի շնորհուի աստղագիտութեան եւ բնագիտութեան բնագաւառներուն մէջ ակնառու գիտական աշխատանքի մը համար: Ռ. Մարտիրոսեան նաեւ նշած է, որ 500 հազար տոլարի համարժէք դրամական մրցանակը պիտի շնորհուի երկու տարին մէկ անգամ:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ այս մրցանակը համաշխարհային մրցոյթներու շարքին մէջ զբաղեցնէ բաւական բարձր տեղ: