ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Յուլիս 23ին ընդունած է Ասիական զարգացման դրամատան (ԱԶԴ) փոխնախագահ Խիաօ Ժայոն եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը: Ըստ նախագահի մամլոյ գրասենեակին, հանրապետութեան նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծած է Ասիական զարգացման դրամատան հետ արագ քայլերով զարգացող փոխգործակցութիւնը: Ան ողջունած է դրամատան արագ արձագանգը եւ հետաքրքրութիւնը այնպիսի խոշոր փոխադրամիջոցային նախագիծերու նկատմամբ, ինչպէս են Հիւսիս-Հարաւ ինքնաշարժի մայրուղիի եւ Հիւսիս-Հարաւ երկաթուղիի, Երեւանի քաղաքային երթեւեկութեան զարգացման ծրագիրները:
Հայաստանի նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է նաեւ տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքները մեղմելու եւ նախատեսուած ծրագիրները իրականացնելու համար դրամատան կողմէ Հայաստանի կառավարութեան յատկացուած 80 միլիոն տոլար օժանդակութեան համար:
Փոխնախագահ Ժաօ յայտնած է, որ Ասիական դրամատունը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ երկարաժամկէտ գործընկերային յարաբերութիւններու զարգացմամբ: Բարձր գնահատելով դրամատան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը՝ ան տպաւորիչ համարած է գործակցաբար իրականացող գիւղական ճանապարհներու վերակառուցման եւ ջրամատակարարման ծրագիրներուն ընթացքը:
Նոյն օրը հիւրը ընդունուած է նաեւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ, որ գոհունակութիւն յայտնած է նշեալ դրամատան հետ մեր երկրի խորացող համագործակցութեան կապակցութեամբ: Փոխնախագահը շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ գործընկերութեան համար՝ նշած է, որ ԱԶԴ պատրաստ է քննարկելու Հայաստանի կառավարութեան կողմէ առաջնահերթութիւն համարուող ոլորտներուն մէջ իրականացուելիք ծրագիրները:
«Ես համոզուած եմ, որ Ձեր այցելութիւնը նոր թափ է հաղորդելու մեր համագործակցութեանը եւ ուրախ եմ, որ մեր տեսլականներն ամբողջութեամբ համընկնում են, եւ դա երաշխիք է, որ մեր համագործակցութիւնը կը շարունակուի եւ կ՛ընդլայնուի», յայտնած է վարչապետ Սարգսեան: