ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մինչեւ տարեվերջ Հայաստանի ազգային «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը պիտի ունենայ 4 նոր օդանաւ: Ըստ ընկերութեան մամլոյ ծառայութեան տուած տեղեկութեան, նոր օդանաւերը պիտի կրեն «Սուխօ սուփըրճէթ-100», նաեւ մէկական «Էյրպաս Ա-320» եւ «Պոմբարտիէ-200» մակնիշները:
Այս տարի «Արմաւիա»ն աւելցուցած է նաեւ նոր ուղղութիւններով թռիչքներ՝ դէպի Պերլին, Զիւրիխ, Հռոմ, Պաթում եւ Խարքով: Երեւան-Լոս Անճելըս թռիչքը պիտի բացուի պետական որոշումէն ետք, մինչ այդ բանակցութիւններ կ՛ընթանան նոր օդանաւ ձեռք բերելու համար, դէպի Միացեալ Նահանգներ ուղիղ թռիչքներ իրականացնելու նպատակով: Ներկայ դրութեամբ, «Արմաւիա»ն ամէն ամիս կ՛իրականացնէ 250 թռիչք՝ աւելի քան 30 ուղղութեամբ: