Արեւմտեան թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Չորեքշաբթի, 15 Յուլիսի առաւօտուն, Ազգ. առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային դատաւոր Սամուէլ Տէր Եղիայեանի այցելութիւնը։ Դատաւոր Տէր Եղիայեան կարճատեւ այցելութեան մը համար Լոս Անճելըս կը գտնուի։ Անոր կ՛ընկերանար եղբայրը՝ «Մաշտոց» քոլէճի տնօրէն տոքթ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը։
Հանդիպումին, խորհրդակցութեան նիւթ եղան այժմէական հարցեր, որոնք ընդհանրապէս աղերս ունին հիւր դատաւորին ասպարէզին հետ։
Առաջնորդը այս առիթով գոհունակութիւն յայտեց, որ դատաւոր Տէր Եղիայեան մէկն էր այն քառասուն անձերէն, որոնք յատուկ պատիւի արժանացած էին «Նիւ Եորք Թայմզ»ի կողմէ, 4 Յուլիսին, Անկախութեան տօնին առիթով հրատարակուած յօդուածի մը մէջ. անձնաւորութիւններ, որոնք Միացեալ Նահանգներ ներգաղթելով՝ հասած են պատուաւոր դիրքերու։
Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդը յուշանուէր մը յանձնեց յարգելի հիւրին։