ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, Յուլիս 19ին, երեկոյեան ժամը 6-12, «Հորիզոն» պատկերասփիւռի ընկերութեան սթիւտիոներէն սփռուած Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան երկրորդ թելեթոնին ընթացքին կարելի եղաւ հաւաքել աւելի քան 100 հազար տոլար, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ աւելի եւս ընդարձակել պետական դպրոցներու մէջ ուսանող հայ աշակերտներուն հայերէնի դասընթացքները ու բարելաւել անոնց որակը:
Թելեթոնը սփռուեցաւ «Հորիզոն», «AABC» եւ «Հայվիժն» կայաններէն, ինչպէս նաեւ համացանցէն:
Այս մէկը Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան կողմէ կազմակերպուած երկրորդ թելեթոնն էր: Հաւաքուած գումարը պիտի յատկացուի Կլէնտէյլի ու մերձակայ քաղաքներու ամերիկեան պետական 29 դպրոցներու մէջ հայապահպանութեան խնդիրներու լուծման, դասագիրքերու մշակման ու տպագրութեան: Ներկայիս կրթական հաստատութեան ջանքերով իրագործուող այս դասընթացքներուն կը հետեւին աւելի քան 1000 հայ աշակերտներ:
Թելեթոնին մասնակիցները Երեւանէն հեռուստակամուրջի միջոցով ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, որ գնահատեց Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան դերը՝ երեխաներուն հայեցի կրթութեան ու հայապահպանութեան դժուար աշխատանքին մէջ: Նախարարը աւելցուց, որ «Հայ դպրոցն է, որ կապում է նախնիների լեզուին, պատմութեանը, հայոց դարաւոր մշակոյթին. հայ դպրոցն է, ուր հայ երեխան սիրում եւ արժեւորում է դրանք եւ գիտակցում, որ ունի Մայր Հայրենիք, որն է Հայաստան երկիրը»: Նախարարը նաեւ պատասխանեց իրեն ուղղուած քանի մը հարցումներուն ու դրամահաւաքին իր մասնակցութիւնը բերաւ՝ հինգ հազար տոլար նուիրելով:
Յատկանշական է, որ թելեթոնին իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին նաեւ Երեւանի քաղաքացիներ, որոնք Երեւանի ժամանակով առաւօտեան 6-12ին թելեթոնին կը հետեւէին «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանի www.horizonarmeniantv.com կայքէջէն, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռքի նախարարութեան mindiaspora.am եւ hayernaysor.am կայքերէն: