ՄՈՍԿՈՒԱ.- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու մոսկովեան երկու հանդիպումներու (երկրորդը նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի ներկայութեամբ) մասին պաշտօնական հրապարակումներու մէջ մանրամասնութիւններ չեն տրուած քննարկուած օրակարգին վերաբերեալ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան, Երեւան վերադարձին, Եւրոմիութեան ղեկավար եռեակի հետ հանդիպման ընթացքին ակնարկած էր, թէ քննարկուած են մատրիտեան սկզբունքներէն առանձնացուած որոշ կէտեր:
Ըստ ռուսական «Կոմերսանտ» թերթի հրապարակումին, Մոսկուայի հանդիպումներուն քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակը յստակացնելու համար հնարաւոր հանրաքուէի ընթացակարգը: «Կոմերսանտ» վկայակոչելով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան անանուն աղբիւրներ՝ յայտնած է, որ քննարկուած մատրիտեան սկզբունքներու կապակցութեամբ, «Հայաստանն ու Ատրպէյճանը նշուած կէտերէն ոչ մէկուն վերաբերեալ դեռեւս համաձայնութեան չեն հասած»:
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններու մօտ կանգնած Ռուսիոյ ԱԳ նախարարութեան աշխատակիցները յայտնեցին, թէ իւրայատուկ եղած են տարածաշրջանի բնակչութեան ինքնորոշման հարցով քուէարկութեան ընթացակարգի եւ անոր համար ենթադրուող «անցումային կարգավիճակի» էութեան հարցերը», գրած է «Կոմերսանտ»ը:
«Ասպարէզ» անցեալ Շաբաթ օր, իր կայքէջին վրայ զետեղած էր Մոսկուայի եռակողմ հանդիպման մասին հետեւեալ տեղեկագրութիւնը՝ «Եռակողմ Հանդիպումին Նախագահները Բաց Մնացած Հարցերու Մասին Խօսած Են» խորագիրով.
«Շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի ներկայութեամբ:
Նախորդ օրուան Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումը Հայաստանի կողմէ գնահատուած էր իբրեւ կառուցողական: Հանդիպումէն ետք հրապարակուած տեղեկագրութիւններուն համաձայն, այս գագաթնաժողովի արդիւնքը եղած է այն, որ երկու նախագահները յանձնարարած են իրենց արտաքին գործոց նախարարներուն, որ աշխատանքներ տանին նախապատրաստելու համար երկու նախագահներու յաջորդ հանդիպումը, յառաջիկայ Հոկտեմբերին:
Եռակողմ հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ նախագահի օգնական Սերգէյ Փրիխոտքօ «Նովոստ» լրատուական ծառայութեան յայտնած է, թէ իր տեսակին մէջ ասիկա չորրորդ հանդիպումն էր, որ ի մի բերած է երեք նախագահները, եւ որ նախագահ Մետվետեւ վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ՝ շարունակելու ճիգ թափել փոխադարձաբար ընդունելի լուծում մը գտնելու ղարաբաղեան հակամարտութեան:
Միւս կողմէ, Փրոխոտքօ եռակողմ այս հանդիպումը գնահատեց կառուցողական: Ըստ Ռուսիոյ նախագահի օգնականին, կողմերը այս հանդիպման ընթացքին խօսած են նախկին հանդիպումներուն չքննարկուած հարցերուն մասին:
Այս երկօրեայ հանդիպումներու արդիւնքները հայկական, ատրպեճանական, ռուսական եւ միջազգային մամուլի աղբիւրներուն համաձայն, եղած են այն, որ նախագահներ Սարգսեան եւ Ալիեւ համաձայնած են դարձեալ հանդիպիլ յառաջիկայ Հոկտեմբերին:
Նշենք, որ այս հանդիպումներուն ընթացքին խօսք չէ եղած Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններու գործընթացին մէջ ներգրաւելու մասին:
Նաեւ նշենք, որ Մոսկուայի բանակցութեանց առաջին փուլին, Ուրբաթ օրուան երկկողմանի հանդիպումին մասնակցած Մինսկի խումբի համանախագահներու վկայութեամբ, այս հանդիպումին յառաջդիմութիւն չէ արձանագրուած բանակցութեանց գծով, սակայն նաեւ՝ նահանջ չէ արձանագրուած»: