ՊԱՔՈՒ.- Յստակացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ կայանալիք հերթական հանդիպման նախնական ժամկէտը, որ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 18ին, Մոսկուայի մէջ: Այդ մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխին՝ աւելցնելով, որ նախագահներուն միջեւ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ԱՊՀ ոչ-պաշտօնական գագաթնաժողովի ծիրէն ներս:
Մինչ այդ, Մոսկովեան հանդիպումը նախապատրաստելու նպատակով յառաջիկայ օրերուն տարածաշրջան պիտի այցելեն ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները:
Տորոխի տուած իր մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնած է, թէ անպաշտօն հանդիպումը պիտի կայանայ ձիարշաւի մը ընթացքին: