ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը Յուլիս 10-11ին Ստեփանակերտի մէջ պիտի կազմակերպէ Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ Արցախեան հիմնախնդիրին նուիրուած համահայկական խորհրդաժողով՝ հովանաւորութեամբ ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ աջակցութեամբ «Փիւնիկ» հիմնադրամին:
Խորհրդաժողովի պաշտօնական բացման ընթացքին ելոյթով հանդէս պիտի գան ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ սրբազան ու ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան: Խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի հնչեն շարք մը ելոյթներ Հայ-թրքական յարաբերութիւններու ներկայ կացութեան, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի դերակատարման, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման եւ Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման հարցի ու հնարաւոր զարգացումներու մասին թեմաներով:
Արցախեան հիմնախնդիրի շուրջ զեկոյցները պիտի անդրադառնան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն եւ թուրք-ատրպեճանական հակասական քաղաքականութեան, Արցախեան հարցի քանի մը հիմնահարցերու, Արցախի շուրջ համահայկական ներուժի նոր զօրաշարժի անհրաժեշտութեան, տարածաշրջանային քաղաքական վերջին զարգացումներուն եւ այլ նիւթերու։
Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած քաղաքական-հասարակական դէմքեր, կուսակցական կառոյցի եւ Հայ Դատի գրասենեակներու ներկայացուցիչներ, որոնք նոյն ընթացքին պիտի այցելեն ԼՂՀ Զոհուած ազատամարտիկներու Ստեփանակերտի յուշահամալիր: