Յարգելի խմբագիր,
Կարդացի կայքէջի վրայ Մոնթէ Մելքոնեանի մասին ձեր լոյս ընծայած յօդուածը, որ արտատպած էիք Յունաստանի մէջ լոյս տեսնող «Ազատ Օր» օրաթերթէն եւ որ կը կրէր Նազարէթ Պէրպէրեանի ստորագրութիւնը:
Մոնթէ Մելքոնեանի Արցախեան ազատամարտի ընթացքին քաջաբար մարտնչած ըլլալուն մասին ոչ մէկ կասկած: Ան իր ազգային պարտականութիւնը լաւագոյնս կատարեց ու արժանացաւ նահատակի լուսապսակին: Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքի վերջին հանգրուանը անջատելով նախորդներէն միայն յարգանք կարելի է ունենալ անոր նահատակութեան հանդէպ:
Սակայն Մոնթէն այն «իւրայատուկ յեղափոխականը» չէ, որ կը նկարագրուի ձեր լոյս ընծայած գրութեան մէջ: Մոնթէի պարագային կան երկու իրականութիւններ, որ անհրաժեշտ է անպայման ընդգծել հաւասարակշռելու եւ ճիշդ չափերու մէջ դնելու համար անոր հանդէպ վերաբերմունքը.-
Առաջին՝ Մոնթէն տարիներ շարունակ գործեց Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի շարքերուն մէջ, կազմակերպութիւն որ կը զբաղէր դաշնակցականներու առեւանգումով եւ սպանութեամբ: Յատկապէս Լիբանանի մէջ Գաղտնի Բանակի հակադաշնակցական գործունէութիւնը տարիներու վրայ երկարեցաւ: Այն տարիներուն, երբ տակաւին Մոնթէ Մելքոնեանը մաս կը կազմէր Գաղտնի Բանակին, այդ կազմակերպութեան կողմէ դաշնակցականներու դէմ կատարուեցան բազմաթիւ վատ արարքներ մահափորձեր, առեւանգումի փորձեր, ռմբահարումներ եւ վատագոյնը՝ դաշնակցականներու բնակարաններու ականահարումներ, որոնց զոհ կրնային երթալ ո՛չ միայն թիրախ դարձած դաշնակցականները այլ անոնց անչափահաս զաւակները: Հակադաշնակցական գործունէութեան այս առաջին հանգրուանը աւարտեցաւ Իսրայէլի 1982ին Լիբանան ներխուժումով, որ այլ կազմակերպութիւններու շարքին, Գաղտնի Բանակին ալ նոր պայմաններ պարտադրեց. անիկա երկփեղկուեցաւ ու անոր թեւերուն միջեւ սպանութիւններու զոհ գացին ոչ փոքրաթիւ երիտասարդներ: Ամէն պարագայի սակայն փաստը կը մնայ այն, որ 1979-1983 հակադաշնակցական մոլուցքի տարիներուն Մոնթէն շարունակեց մաս կազմել Դաշնակցութէան դէմ ո՛չ թէ գաղափարական, այլ զինուորական պայքար բացած կազմակերպութեան մը: Ի դէպ, եթէ այդ տարիներուն Գաղտնի Բանակի հակադաշնակցական զինուորական արարքները սահմանափակ էին իրենց տարողութեամբ, ապա այդ մէկը անպայման որոշումի խնդիր կրնայ չըլլալ այլ կարողութեան (կամ անկարողութեան):
Երկրորդ՝ կը փափաքիմ կրկնել, որ Արցախեան ազատամարտի ընթացքին Մոնթէն կամ Աւօն բազմաթիւ հերոսական մարտեր մղեց: Սակայն միակը չէր եւ իրեն նման ու իր հերոսութիւններուն համահաւասար սխրանքներ իրագործած բազմաթիւ այլ անուններ կան: Աւոյի գեր-հերոսացման մէջ հարկ է փնտռել ՀՀՇական այն քարոզչութիւնը, որ կը փորձէր արտերկրէն եկած Աւօն հակադրել արտերկրէն Արցախի եւ Հայաստանի մէջ վերընձիւղուած Դաշնակցութեան եւ անոր հրամանատարութեան տակ գործող ազատամարտիկներու հերոսութիւններուն: Այս քարոզարշաւին զոհ գացին նաեւ հայաստանահայ եւ արցախահայ բազմաթիւ ազատամարտիկներ: Դժբախտաբար, Արցախեան Ազատամարտի «պատ-մաշինութիւնը» կը շարունակուի ցայսօր, որովհետեւ մեր ժողովուրդի կեանքի հերոսական այդ հանգրուանի պատմագրութիւնը քաղաքականացուած է: Քաղաքականացուած էր ՀՀՇի ժամանակ, քաղաքականացուած է նաեւ այսօր, ինչ որ պատճառ կը դառնայ կողմնակալ չափորոշիչներու կիրառման ու ապագայ սերունդներուն ոչ-ամբողջական եւ պատմականօրէն ոչ ճշգրիտ տուեալներու փոխանցման:
Այս խաղէն դուրս մնալու փորձառութիւնը ունի սակայն դաշնակցական մամուլը:
Յարգանօք՝
Վ. ԱՐԱՄԵԱՆ
ԱՊ.- Նազարէթ Պէրպէրեանի նշուած յօդուածի լոյս ընծայման պատճառներէն մէկը հերոսականութեան ապաքաղաքականացումի փորձն էր, գոնէ իմ տրամաբանութեամբ եւ այդ տրամաբանութիւնը տեսած էի Նազարէթ Պէրպէրեանի գրութեան մէջ: Դաշնակցական մամուլի աշխատողի փորձառութիւնը այդ կը թելադրէր ինծի, սակայն կ՛ընդունիմ, որ այդ կրնար միակ ճիշդ վերլուծումը չըլլալ:
Այս հարցը արժանի է մանաւանդ կարիքը ունի աւելի լուրջ ուսումնասիրութեան
վկայութիւնը ունիմ բարեկամիս Յk.եղարդին կենդանի վկայութեան ու իր ահաբեկչութեան մանրամասն նկարագրութեան առաւել այլ վկաներու բերած նպաստին
Չհասկնալ չի տեսնել վայրագ գազանին նենգամտութիւնը- իրենց յատուկ գործակալութեան կողմէ իրագործած ոճիրը ի պատասխան . բանակի վրիժառու ցասումի գործողութեանց առնուազն անաջար չի կրնար ըլլալ եւ թէ արժանի է արժանի է արդար ու գիտական մօտեցումի
Մոնթէն չեմ ճանչնար սակայն անպայման զոհ մըն է ան- աւաղ- գազանին թաքուն մեքնայութեանց որոնց անուն մը տալ հարկաւոր է օր մը …
Անուն մը ունիմ մատներուս մէջ «Միթ» ըսուած սակայն առաւել խուզարկութեանց կարիք կայ կը խորհիմ անոր գաղտնի ուղիները լոյսին բերելու համար(դժուար ալ չէ կենդանի վկայներ կան…)
yes chem morzaz te inchbes Monten 1979-in ke nsder mer hanrakarke yerb menk burj hamuden nshan palangian jemaran ku gayink hayagaidaki daserun masnakzelu hamar, na kugar kemnar busin meg miayn bddelu hamar nshan palandjian jemarani bakum yew imanalu te inch ke kadarwi ayddegh. morzaz ek ays amene, hima mite miayn monten er kharabagum sohwaz spurkahaye, yes shadere kidem, inchu miayn montein ke mezznek. zawali e sa.
morzaz ek Droyin vor hima atori wra nsdaz e nranz badgaraw. morzaz ek Ashjianin yew musnerun. inchu nranz chek hisher. ke hisek nran ow andam er ayd hreshayin ASALA-in. Monten Tehran al yekaw, hawanabar imanalu hamar mer dirkere yew mes gidnalu. Tehranum al ouneink ASALA wore krakez mer dashnakzakan enkerneri wra.
Kam mezarek bolorin kam mi grek voch meki masin. Inz hamar musnere aweli arjekawor en kan mi Monte Melkonian.
shogher
I wondered, if he had anything to do with the disappearances of Apo (Apraham Ashdjian).