ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Հինգշաբթի, Յունիս 25 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանցէ, թէ այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրին գործադրութիւնը սկսած է Յունիս 15ին:
2006ին հաստատուած վարժողական այս ծրագրին նորագոյն եօթը մասնակիցները, իբրեւ կլեդրոն ունենալով Կլէնտէյլի մէջ գտնուող Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակները, պիտի օժանդակեն գրասենեակի աշխատանքներուն, միաժամանակ անհատական ծրագիրներ պիտի իրագործեն հանրային քաղաքականութեան եւ համայնքի զարգացման մարզերուն մէջ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարժողական ծրագիրի համակարգող Հայկ Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ այս տարուան խումբը եւ անոնց օժանդակելու պատրաստ կամաւորները կու գան մօտաւորապէս երկվեցեակ մը վարժարաններէ ու համալսարաններէ՝ խոստանալով աշխոյժ ծրագիր մը իրականացել: Ան յոյս կը յայտնէ, թէ ծրագիրին շնորհիւ իրենց ապահոված փորձառութեամբ, վարժողական ծրագրին մասնակիցները ոչ միայն գործօն անդամներ կը դառնան համայնքին մէջ, այլ նաեւ բարեկամական սերտ կապեր կը հաստատեն իրարու հետ:
Այս տարուան ամառնային վարժողական ծրագիրին մասնակիցներն են՝ Քոլէթ Ղազարեան (Ֆուլըրթընի «Թրոյ» երկրորդական վարժարաներէն), Յովսէփ Հաճիպէքեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղէն), Սրբուհի Կարապետեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն), Ռազմիկ Խալայեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղէն), Նարէ Քիւփէլեան (Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սան Տիէկոյի մասնաճիւղէն), Էլիզապէթ ՄըքԻնթայըր (Փոմոնայի «Քալ Փոլի» համալսարանէն) եւ Լորէն Շէնեան (Կլէնտէյլ քաղաքի համալսարանէն):
Վարժողական ծրագիրի մասնակիցները նաեւ պիտի մասնակցին շաբաթական աշխատանիստերու, սեմինարներու եւ դասախօսութիւններու:
Կարապետեան, Քիւփէլեան եւ Շէնեան պիտի կեդրոնանան համայնքային եւ կառավարական յարաբերութեանց վրայ, իսկ Խալայեան ու ՄըքԻնթայըր՝ վարչական ու զարգացման ծրագիրներու վրայ: Հանրային ու մամլոյ հետ յարաբերութեանց մարզերուն վրայ պիտի կեդրոնան Ղազարեանն ու Հաճիպէքեանը: