ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցեալ Կիրակի, 21 Յունիսին, «Ալէք Փիլիպոս» վարժարանի շրջանաւարտից հանդէսին ընթացքին, վկայական ստացող աշակերտներուն շնորհաւորական իր խօսքին մէջ, դպրոցի տասնվեց տարիներու տնօրէն դոկտ. Վիգէն Եագուպեան յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր սիրած վարժարանը ղեկավարելու պաշտօնէն: (Տնրօէնին խօսքը ամբողջութեամբ տեսնել «ՕՐԸ ՕՐԻՆ» սիւնակին մէջ):
Նոյն հանդէսի ընթացքին, յանուն Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինին խօսք առած Մարք Կէտիկեան, հրապարակային կերպով երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէն դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին եւ ուսուցչական կազմին, «Որոնց նուիրեալ ու համբերատար աշխատանքին կը պարտինք մեր աշակերտներուն եւ շրջանաւարտներուն ուսումնական յաջողութիւնները», անդրադարձաւ տնօրէնի հրաժարականին՝ շեշտելով, որ «Դոկտ. Եագուպեանի մեկնումը մեծ բաց մը պիտի յառաջացնէ» դպրոցին մէջ:
Կէտիկեան աւելցուց. «Անցնող 16 տարիներու ընթացքին ան իր նուիրեալ ու մասնագիտական ժրաջան աշխատանքով, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը բարձրացուց նոր մակարդակի, ուսումնական աւելի լայն հորիզոններ բանալով մեր աշակերտներուն ուսումնատենչ թռիչքներուն։
«Հանդիսաւոր այս պահուն երախտագիտութեան ու գնահատանքի ջերմ զգացումներով համակուած՝ Վարձքդ կատար, կ՛ըսենք, սիրելի՛ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան։ Կարելի չէ միայն բառերով ու գնահատանքի ջերմ խօսքերով չափել ու արժեւորել կրթական մշակի մը աշխատանքը, ալ ուր մնաց դոկտ. Եագուպեանի նման տնօրէնի մը աշխատանքը։
Ձեր մեծագոյն վարձատրութիւնը՝ անցնող 16 տարիներու ընթացքին այս վարժարանի բովէն անցած մեր աշակերտներուն արձանագրած ուսումնական յաջողութիւններն են, անոնց հոգիներուն ու միտքերուն վրայ ձեր թողած դրոշմը, եւ վերջապէս՝ մեր հայրենիքին, մեր ժողովուրդին ու մարդկութեան մատուցելիք ծառայութիւնը։
Ահաւասիկ, մեր աշակերտներուն երախտագէտ նայուածքներն է, որ դուք ձեզի հետ պիտի տանիք, ձեզի հետ գործած կրթական մշակներուն սրտակցութիւնը, վարժարանին ծառայող մարմիններու եւ յանձնախումբերու անդամներուն եւ մեր ծնողներուն յարգանքն է, որ իբրեւ վարձատրութիւն՝ ձեզի հետ պիտի տանիք։
Անգամ մը եւս՝ Վարձքդ կատա՛ր, դոկտ. Եագուպեան»։
Խնամակալ մարմինի ատենապետը յայտարարեց նաեւ, որ իրենք արդէն նախաձեռնած են նոր տնօրէնի նշանակման գործընթացին։
«Մեր ճիգն է ամենակարճ միջոցին կատարել դոկտ. Եագուպեանը փոխարինող նոր տնօրէնի մը նշանակումը, որպէսզի նոյն թափով, նոյն նուիրումով ու նոյն յանձնառութեամբ, ան շարուանկէ ուսումնական այս առաքելութիւնը ու ղեկավարէ մեր բոլորին սիրելի Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը», յայտարարեց ատենապետը։