Արամ Գույումճեանը «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի խմբագիր եղած է 1990ական թուականներու սկիզբը:
Վերջին տարիներուն, ան արուեստի եւ մշակոյթի, յատկապէս թատերախաղերու մասին ակնարկներով՝ հանդէս կու գար «Տը Արմինեըն Ռիփորթըր» շաբաթաթերթի էջերէն:
Մասնագիտութեամբ իրաւաբան Արամ Գույումճեան կը գլխաւորէ նաեւ խումբ մը «խենթեր», որոնք անկարելի երազը կը հետապնդեն հայկական արուեստի համալիր մը ունենալու, հայահոծ Լոս Անճելըսի մէջ:
«Գանձերու Պահակները», յատկապէս «Ասպարէզ»ի համար Արամ Գույումճեանի անգլերէն լեզուով գրած նոր ակնարկն է՝ Անահիտ Արամունիի բեմականացուցած Գուրգէն Խանջեանի «Աւերակների Պահակները» թատերախաղին:
Ուրախութեամբ կը հրատարակենք Արամի գրութեան հայերէն թարգմանութիւնը, իբրեւ բարի վերադարձի ողջոյն՝ հայերէն բաժինէն:
«Ո՞վ կ՛ըսէ, թէ թատերասրահ պէտք է ունենալ՝ թատերախաղ մը բեմականացնելու համար: Փաստօրէն «Արենա» արտադրութիւնը, առանց թատերասրահ ունենալու, կրցաւ հոյակապ ներկայացումով բեմ հանել Գուրգէն Խանջեանի «Աւերակների Պահակները»: Անահիտ Արամունի-Քէշիշեանի ղեկավարութեամբ այս նպատակասլաց խումբը, պարզապէս ձեռակերտ բեմ մը կառուցած էր տարեցներու հոգատարութեան կեդրոնի մը բակին մէջ, եւ բացօթեայ ներկայացումով հանրութեան մատուցած էր հայերէն լեզուով այս թատերախաղը: (Այս շաբաթավերջին ներկայացումը կը տեղափոխուի փակ սրահ՝ երեք յաւելեալ ելոյթներ մատուցելով հանրութեան, «Լունա» թատերասրահէն ներս):
Քէշիշեան նպատակայարմար գտած է միջավայրային բեմականացումով ներկայացնել այս գոյութենապաշտ թատերախաղը, որ աւերակ կառոյցի մը մէջ ապաստան գտած խումբ մը թշուառական կերպարներու մասին է: Սիրակ, Լուսօ եւ Մացակ, երեք անկապ հոգիներ են, որոնք «աւերակներու»ն մէջ կը գտնեն ընկերութիւն եւ ապաստան՝ իրենց գոյութիւնը քարշ տալով փողոցային մուրացկանութեամբ ապահովուած լումաներով:
Խանջեանի անմաքուր կերպարները կը յիշեցնեն ընկերութենէ արտաքսուած ու քարանձաւանման գետնայարկի մը մէջ հաւաքուած Մաքսիմ Կորքիի «Յատակին»ի հերոսները, եւ կամ թատրոնի լքուած շէնքի մը մէջ ծուարած Ուիլեըմ Սարոյեանի «Քարանձաւաբնակներ»ը: Խանջեանի այս անսովոր կերպարները թշուառութեան գիրկը ինկած էին պատմական իրադարձութիւններու՝ Հայաստանի հիւսիսային շրջանին մէջ պատահած 1988ի աղիտալի երկրաշարժի ու անոր յաջորդած տասնամեակին երկրին դիմագրաւած տնտեսական փլուզման ու սահմաններու խեղդող շրջափակման պատճառաւ:
Կորքիի ընկերային իրապաշտութիւնն ու Սարոյեանի հակամէտութիւնը դէպի
երեւակայածին թռիչքներն ու անհեթեթը կը միանան Խանջեանի «Աւերակներու Պահակները»ին, սակայն թատերախաղը կը պարունակէ նաեւ որոշ տարրեր՝ «Սպասելով Կոտոյին»էն: Սամուէլ Պէքէթի այս գոյութենապաշտ գլուխ գործոցին մէջ, երկու թափառաշրջիկներ ժամերով կը յամենան՝ սպասելով երկի վերնագիր անունը կրող Կոտոյին, որ երբեք չի յայտնուիր: Խանջեանի կերպարները, որոնց շարքին նաեւ թափառաշրջիկի նմանութիւնը ունեցող Սիրակը, ոեւէ մէկուն չեն սպասեր, սակայն, դարձեալ երկի վերնագրի անունէն եկած պահակը կը յայտնուի, եւ ոչ ոք կը հասկնայ թէ ինչո՛ւ կը յայտնուի ան: Չարութեամբ տրամադրուած պահակը անմիջապէս կը սկսի աջ ու ձախ հրամաններ արձակել եւ պարտադրել իր ենթականերուն նսեմացնող արարքներ գործել, գետին փռուիլ եւ սողալ, իբրեւ թէ պաշտպանուելու համար երեւակայական ռումբերէ: Անշուշտ անոնք, որ ծանօթ են «Կոտոյին», կրնան տեսնել նմանութիւնը ճորտի հոգեբանութիւն ունեցող Լաքիի եւ իր տիրոջ Պոզոյի միջեւ ուժի եւ իշխանութեան խաղերուն:
Թատերագիրը կը հեգնէ աւերակներու վրայ տիրապետելու ուժային ապարդիւն պայքարը՝ թելադրելով, որ կեանքի իսկական պայքարը կեա՛նքն իսկ է, վերապրելու, արժանապատուութիւնը անաղարտ պահպանելու ճիգը եւ ծխելու կամ ընկերոջ մը հետ կտոր մը հաց կիսելու նման ամէնէն սովորական արարքներէն իսկ անմիջական գոհացում ստանալու կարողութիւնը:
Եթէ այս բոլորը ճնշող կը թուի ըլլալ, իրականին մէջ այդպէս չէ: Խանջեանի գրութեան մէջ առկայ են սեւ ու անհեթեթ երգիծանքի երանգներ, որոնց հետ բեմադրիչ Քէշիշեանը մեծ վարպետութեամբ կը խաղայ: Ան կատարեալ հաւասարակշռութիւնը գտած է ձայնային ելեւէջի, որուն շնորհիւ թատերախաղի դրուագները զուարճալի են, այլ ոչ ծիծաղելի, եւ իր կերպարները համակրելի են, այլ ոչ արգահատելի:
Քէշիշեանի թատերախումբի անդամները տաղանդաւոր են եւ անոնց իւրաքանչիւրին խաղարկութիւնը անթերիօրէն համաձուլուած է միւսներուն. Արտիոմ Եղիազարեան ճկուն է իբրեւ Սիրակ, Անուշ Առաքելեանը հոգեսպառ Լուսոն է իսկապէ՛ս, Արամ Մուրատեանը՝ համակրելի իբրեւ Մացակ, իսկ Աշոտ Թադեւոսեանը՝ լաւ մարմնաւորումն է պահակին:
«Աւերակներ»ու բեմականացումի ընթացքին, «Արենա» թատերական ընկերութեան անդամները, իւրաքանչիւրը մէկական պահակներ կը դառնան՝ պահպանելով հայկական թատերական գրականութիւնը, եւ այս արժէքաւոր արտադրութեամբ՝ անոր թանկագին կտորներէն մէկուն կեանք տալով:
«Ասպարէզ».- Թատերախաղին իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Խորէն Արամունի, Միրնա Տուզճեան, Գէորգ Յովհաննիսեան, Սոնիա Մկրտիչեան, Թալին Թոմասեան, Կարինէ Մկրտչեան, Լիլիթ Քէշիշեան, Արա Շիրինեան, Սօսէ Քէշիշեան, Արա Քէշիշեան, Մանէ եւ Լանա Նազարեաններ:
Արամ Գույումճեանի գրութիւնը հայերէնի թարգմանեց Աբօ Պողիկեան: