ՏԻԳՐԱՆ
Երաժիշտ կամ երաժշտագէտ ըլլալս պայման մը չէ, որ ի սրտէ խոր գնահատանք չյայտնեմ, եւ կամ անձնապէս չողջունեմ Արամը, որ ջութակի իր վերջին ելոյթով, թէ՛ իբրեւ հայ եւ թէ՛ իբրեւ երաժիշտ հպարտացուց իմ եւ բոլոր անոնց սրտերը, որոնք ներկայ եղած էին Երեքշաբթի, Յունիս 2ի «The Glendale Youth Orchestra» ելոյթին, Կլէնտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ:
Արամ Ղարիպեան հիմա արդէն 17 տարեկան է եւ կարծէք միայն քանի մը ամիսներ անցած են այն օրէն, երբ անձնապէս երեկոյ մը, անակնկալ կերպով իրեն ծանօթացայ «Լարք» երաժշտանոցի դասարաններէն մէկուն մէջ: Իր ջութակի քաշողական ու հմայիչ ձայնը եւ անկէ ծնունդ առած երաժշտութիւնը քաջութիւն ու համարձակութիւն տուած էին ինծի, որ ես, առանց իսկ դասարանին դուռը թակելու, սենեակ մտնեմ՝ տեսնելու համար նուագողը եւ անձնապէս անոր հետ ծանօթանալու: Անկեղծօրէն զարմանքս մեծ էր, երբ յանկարծ դէմ յանդիման գտնուեցայ 12 տարեկան դէպի պատանութիւն վազող տարիքով հայ տղու մը, որ ոտնագնդակի փոշոտ իր տարազով, մարզանքի իր փորձէն նոր վերադարձած, ջութակի իր դասատու պր. Լատոյին կողքին կեցած կը նուագէր այնքան սահուն, նոյնքան ալ ճկուն կերպով:
Դասապահը ընդմիջուեցաւ եւ պր. Լատոն զիս տեսնելով՝ բարձրաձայն ըսաւ. «Աստուած տաղանդ է տուել այս տընպոյին, բայց ինք իր արժէքը չի իմանում եւ չի պարապում, որպէսզի համաշխարհային համբաւի տիրանայ»:
Այդ օրուընէ ի վեր, եւ ամէն առիթով իր այս ուսուցիչէն միշտ լսած եմ նոյն հանկերգը, երբեմն ալ հետեւեալ յաւելումով. «Օրական եթէ միայն 2 ժամ պարապի, չտեսնուած ջութակահար կը լինի»:
Յունիս 2ի հրապարակային համերգով Արամը եկաւ հաստատելու պր. Լատոյի համեստ եւ սակայն մեծ խօսքերը, որոնք լոկ բառերու շարան մը չէին, այլ հիմք ունեցող եւ երիտասարդ այս տաղանդաւորին ապագան բնութագրող յստակ հաստատում մը:
Այդ երեկոյ, Արամը բեմին վրայ համարձակ եւ արհեստավարժի երեւոյթով ջութակի վրայ հրամցուց Mandelssohn-ի «E Minor քոնչէրթօ» այնքան ճկունութեամբ, որ երկարօրէն հմայած պահեց երաժշտասէր հասարակութիւնը: Դժուարին այդ նուագարանը, կարծես Արամի ձեռքերուն մէջ պարզ ու սովորական խաղալիք մը ըլլար, որուն վրայ իր մատներու հեզասահ շարժումներով կը յօրինէր ծանր քոնչէրթոն, վարպետ ու տաղանդաշատ երաժիշտի մը նման:
Այդ վայրկեանին, Արամի տիպարը զիս յիշեցուց, հազիւ 20 տարին նոր բոլորած Queen Elizabeth-ի մրցանակի տիտղոսի դաբնեկիր Սերկէյ Խաչատրեանը, որ նոյն այս բեմայարդակին վրայ, ասկէ 2 տարիներ առաջ մեր սրտերը հպարտանքով լեցուցած էր: Ու մտովի, կը գծէի ապագայի գեղեցիկ պատկեր մը, ուր Արամը, մեր այսօրուան այս պատանի հերոսը, օր մը անպայմանօրէն պիտի դառնար երկրորդ Սերկէյ մը եւ այս ձեւով աշխարհի երեսին, մենք ալ իբրեւ հայեր պիտի կարենայինք ըսել. «Նայեցէք, 21րդ դարու լաւագոյն ջութակահարները մեր ազգին կը պատկանին»:
Սիրելի՛ Արամ,
Վստահ եմ, որ կը գիտակցիս քու ունեցած այս մեծ տաղանդիդ տարողութեան: Կասկած չունիմ, որ դուն քանի մը տարիէն արդէն կը հասնիս բարձր մակարդակի ու որակի, եւ կը դառնաս հանրաճանաչ երաժիշտ մը, հայ եւ օտար շրջանակներէ ներս: Մաղթանքս է, որ դուն ալ շուտով Սերկէյի նման ձեռք ձգես բարձր տիտղոսներ եւ դառնաս պարծանքը ոչ միայն անմիջական շրջապատիդ, այլ համայն մեր ժողովուրդին:
Վարձքը կատար ծնողքիդ, որ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ քեզի ջամբելու լաւագոյն ուսում:
Վարձքը կատար ջութակի ուսուցիչիդ՝ պր. Լատօ Սէյրանեանին, որ իր համբերատարութեամբ կը շարունակէ քեզ առաջնորդել դէպի նոր ու փայլուն ապագայ: