ՀԲԸՄը կը տեղեկացնէ, թէ ՀԲԸՄի համացանցային համալսարանը (Armenian Virtual College) կը պատրաստուի իր առաջին կրթաշրջանին, որ տեղի պիտի ունենայ այս ամառ, Յունիս 15էն Օգոստոս 14ի միջեւ:
Այս հանգրուանին պիտի տրամադրուին երեք դասանիւթեր՝ սկսնակներու համար արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն, ինչպէս նաեւ հայոց հնագոյն պատմութիւն: Իւրաքանչիւր դասանիւթի կարելի պիտի ըլլայ հետեւիլ վեց լեզուներով՝ անգլերէնով, ֆրանսերէնով, ռուսերէնով, սպաներէնով, արեւմտահայերէնով ու արեւելահայերէնով:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար այցելել www.avc-agbu.org համացամցային կայքը: