ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- Մայիս 21էն ի վեր, Վահէ Պէրպէրեան ամէն Հինգշաբթի երեկոյեան Կլէնտէյլի «Պրանտվիու Քըլըքշըն»ի մէջ կը ներկայացնէ իր նորագոյն կատակախօսական մենակատարութիւնը՝ շուրջ երկու ժամուան ընթացքին լիաթոք ծիծաղի առիթներ ստեղծելեով:
Առանց դադարի, Վահէն Աստուածաշունչէն սկսած, կը հասնի մինչեւ ընկերային ու քաղաքական խնդիրներու, Սփիւռքէն կը ցատկի մինչեւ Հայաստան՝ իրեն յատուկ ոճով վերլուծելով բազմաթիւ հարցեր:
Միայն ինը ներկայացումներ մնացած են «Սակայն»ի ներկայացումներէն, որոնք կ՛աւարտին Օգոստոս 13ին:
Տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 941-4800 թիւին: Սրահին հասցէն է՝ 109 E. Harvard St. Glendale, CA 91205: