ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու ճատրակի հայազգի վարպետ Վարուժան Յակոբեան Լաս Վեկասի մէջ աւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարի ընթացքին, առաւելագոյն վեց կէտերէն հինգը շահելով՝ կիսած է 1-2րդ տեղերը, ամերիկացի այլ ճատրակի վարպետի մը՝ Էնրիքէ Սեւիլեանոյի հետ, սակայն լրացուցիչ չափանիշներով ճանչցուած է իբրեւ լաւագոյնը:
Հայաստանէն ճատրակի վարպետներ Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Տիգրան Պետրոսեան 4.5ական միաւորով գրաւած են համապատասխանաբար՝ 4րդ եւ 5րդ տեղերը: