Թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կողմէ եւ մասնակցութեամբ Լա Քանիատա-Քրեսէնթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի, ծուխին գնած նոր կալուածի օրհնութենէն ետք անհրաժեշտ փոփոխութիւններ կատարուեցան, ուստի յիշեալ շէնքին մէջ Կիրակի, Յունիս 21ի առաւօտեան ժամը 9:30ին պիտի սկսի ժամերգութիւնը, իսկ անդրանիկ Ս. պատարագը պիտի մատուցուի ժամը 10:30ին: Արարողութեանց պիտի հանդիսապետէ առաջնորդը:
Կալուածը կը գտնուի Լա Քրեսէնթա քաղաքին մէջ, իսկ հասցէն է՝ 2767 Foothill Blvd: Եկեղեցին պիտի ծառայէ գլխաւորաբար Լա Քանիատա, Լա Քրեսէնթա, Մոնթրոզ, Թահանկա եւ Սանլէնտ քաղաքներուն մէջ բնակութիւն հաստատած հայութեան հոգեւոր կարիքներուն համար: