ԵՐԵՒԱՆ.- Հայրենի հանրաճանաչ երգչուհի Արաքս Մանսուրեան, որ այժմ կը բնակի Աւստրալիա, Մայիս 10ին իր ուսանողուհիին հրաւէրով մեկնած է Չինաստան եւ ելոյթ ունեցած Քայ-Ֆենկ Քաղաքի համալսարանի դահլիճէն ներս։
Ծափահարութիւններու տարափին տակ բեմ բարձրացած Արաքս Մանսուրեան, իր համերգը սկսած է Կոմիտասի երգերով, ապա հնչեցուցած է իտալական անթիք արիաներ եւ չինարէն յայտնի երգ մը։ Համերգի վերջին երգը եղած է Մոցարթի «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» օփերայէն, որ երգչուհին երգած է իր ուսանողուհիին ընկերակցութեամբ:
Յաջորդ օրը Չինաստանի թերթերը գրած են. «Արաքս Մանսուրեան աշխարհի լաւագոյն երեք սոփրանոներէն մէկն է»։