ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, թէ նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 27ին հրաւիրած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ քննարկելու համար Արցախի մէջ վնասակար միջատներու եւ կրծողներու դէմ տարուած աշխատանքները:
Երկրին ղեկավարը հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան սպառնացող վտանգը չէզոքացնելու աշխատանքը համարեց անբաւարար, եւ անհրաժեշտ գտաւ ստեղծել աշխատանքները համակարգող հրամանատարութիւն, ուր ներկայացուած ըլլան կեդրոնական եւ շրջանային կառոյցները եւ ստորաբաժանումները:
ԼՂՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Արմօ Ծատուրեան «Հետք» լրատու գործակալութեան յայտնած է, թէ՝ «Միջատները հիմնականում Մարտակերտի շրջանում են»: Ըստ որոշ աղբիւրներու, ցարդ տուժած տարածքները կը կազմեն շուրջ չորս հազար հեկտար:
Մարտակերտի շրջանի ցանքատարածութիւններուն վտանգ ներկայացնողները միջատներն են, ինչպէս մալականեան մորեխը, իսկ Հադրութի եւ Մարտունիի շրջաններուն մէջ անոնց կը փոխարինեն կրծողները (մուկերը), որոնց դէմ պայքարը շատ կանուխ սկսած է, բայց տակաւին վիճակը կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ։
Մարտակերտի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Սերգէյ Օհանեան «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուց, թէ վարակուած շրջաննրէն կարեւոր մէկ մասը կը տարածուի ղարաբաղա-ատրպեճանական սահմանամերձ գօտիին վրայ, ինչ որ յաւելեալ խոչընդոտներ կը ստեղծէ երկրին սահմանները պաշտպանելու լարուած գործին: Սերգէյ Օհանեան սակայն, հաւաստած է, որ վերջին օրերուն գործադրուած ճիգերուն արդիւնքով մեծ չափով ոչնչացած են միջատներու ներթափանցման օճախները: