ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երէկ Հայաստանի մէջ նոր միջուկային կայանի կառուցման ծրագրի իրականացման նպատակով կառավարման ծրագրի ձեռքբերման համար յայտարարուած մրցոյթի ծիրէն ներս, ՀՀ պետական գնումներու գործակալութիւնը յաղթող ընկերութեան հետ ստորագրած է կառավարման պայմանագիր:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուց ՀՀ պետական գնումներու գործակալութեան մամուլի քարտուղար Վասակ Թարփոշեան, պայմանագիրը ստորագրած են մէկ կողմէն պետգնումներու գործակալութեան պետի տեղակալ Արթուր Առաքելեան, միւս կողմէն «Warley Parsons» ընկերութիւններու լիազօր ներկայացուցիչ æուրիցա Տանկոսիչը:
Աթոմակայանի կառուցման կառավարման պայմանագրի արժէքը 459.7 միլիոն տոլար է: Պայմանագրի գործունէութեան պայմանաժամը սահմանուած է ստորագրութեան պահէն մինչեւ պայմանագրով նախատեսուած պարտականութիւններու աւարտը:
Հայաստանի նոր աթոմակայանի կառուցումը կը նախատեսուի իրականացնել մինչեւ 2016թուական: Նոր կայանի կառուցման զուգահեռ պէտք է աստիճանաբար շահագործումէ հանուի ներկայիս գործողը: