ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Արմարատիօ».- 26 եւ 27Մայիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Արման Կիրակոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Իսրայէլ՝ այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ հերթական խորհրդակցութիւններ ունենալու նպատակով:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Դանիէլ Այալոնի եւ այլ բարձրաստիճան դիւանագէտներու հետ տեղի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու յարաբերութիւնները եւ միջազգային ու տարածաշրջանային խնդիրները:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Իսրայէլի խորհրդարանի՝ Քնեսեթի Իսրայէլ-Հայաստան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Զէեւ Էլքինի հետ:
Պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարան եւ զրուցած է Պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանի հետ: