ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մետիա».- Մայիս 31ին, Երեւանի մէջ կայացած քաղաքապետի ընտրութիւններուն ընթացքին, «Թրանսփերընս ինթըրնեշընըլ» ոչ կառավարական կազմակերպութեան կեդրոնի անդամները քաղաքի Մալաթիա շրջանը ընդգրկող 8րդ ընտրատարածքի տեղամասերուն մէջ նկատած են ահաւոր չափի խախտումներ, ինչպէս՝ կուտակումներ, լցոնումներ, ուղղորդումներ, ահաբեկումներ եւ ուրիշի փոխարէն քուէարկութիւններ։
«Թրանսփերընս ինթըրնեշընըլ» կեդրոնի տնօրէն Ամալիա Կոստանեան նշած է, որ «Երկար տարիներ մենք աշխատում ենք այս բնագաւառում, բազմաթիւ ապօրինութիւններ ենք արձանագրել տարբեր առիթներով, բայց այն ինչ կատարուեց երէկ (Կիրակի օր-Խմբ.), ոչ մէկի հետ համեմատութեան մէջ դնել հնարաւոր չէ»:
Իսկ Հելսինքեան քաղաքացիական ընկերակցութեան Վանաձորի գրասենեակի ղեկավար Արթուր Սաքունց նշած է. «Երեկոյեան մեր դիտորդները, որ վերադառնում էին, բոլորը մէկ բան էին ասում՝ «առաջին անգամ ամաչում եմ, որ հայ եմ»։
Ընտրական յանձնաժողովները ստեղծուած էին կեղծելու համար եւ խախտումները, որոնք արձանագրում էինք, անուշադրութեան մատնելու համար։ Յանձնաժողովի նախագահը գրառումներ է կատարում ընտրողի դիմաց, գրանցամատեանը գողանում, տանում էին լրացումներ կատարելու»։