ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- Ատրպեճանական լրատու գործակալութիւնները հաղորդած են, թէ ԼՂՀի պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն երկու նորակոչիկ շարքային բանակայիններ՝ Օ. Յարութիւնեան եւ Գ. Թովմասեան (զօրակոչուած Մայիս 19ին), Մայիս 31ի յետմիջօրէին, կամովին լքած են իրենց զօրամասը եւ յայտնուած են ատրպեճանական բանակի վերահսկողութեան տարածքին մէջ:
ԼՂՀի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է, որ միջադէպի մանրամասնութիւնները ճշդելու համար բացուած է հետաքննութիւն:
Իր կարգին, «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը փոխանցած է, թէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Յունիս 1ին հանդիպելով լրագրողներու հետ՝ յայտնեց, որ տեղեկութիւններու պակասի պատճառով, առայժմ ինք չի հաստատեր ատրպեճանական լրատուամիջոցներու հաստատումները: Նախարարը խոստացաւ շուտափոյթ կերպով ճշդել հանգամանքները:
Ներկայ լրագրողները հարց ուղղեցին նախարար Օհանեանին Ատրպէյճան գտնուող հայ զինուորներու թիւին մասին: Ըստ Ս. Օհանեանի տուեալներուն, կան երեք հայ զինուորականներ, որոնց վերադարձման ուղղութեամբ համապատասխան աշխատանք կը տարուի՝ Կարմիր խաչի միջազգային կեդրոնի, ԵԱՀԿ գրասենեակի, նաեւ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններու հետ:
«Այս հարցը ես բարձրացնելու եմ նաեւ Յունիս 3ին կայանալիք Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան եւ ԱՊՀ անդամ երկիրների պաշտպանութեան նախարարների նիստում՝ համապատասխան եզրեր գտնելու, եւ մեր երեք զինուորներին վերադարձնելու համար», յայտնեց Օհանեան՝ հաստատելով, որ երեքին վրայ ատրպեճանական ազդեցութիւնն ու հոգեկան ներգործութիւնը եղած է այնքան ուժեղ, որ այս պահին անոնք հրաժարած են Հայաստան գալէ:
Օհանեան անգամ մը եւս յայտնեց, թէ անցեալ տարի Հայաստան ապաստանած ատրպէյճանցի զինուորականը տակաւին հաստատակամ կը մնայ իր որոշումին վրայ եւ չի փափաքիր վերադառնալ Ատրպէյճան: