ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.Էյ.», «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Մայիս 20ին, Թուրքիոյ մօտ Ֆրանսայի դեսպանատունը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր ամփոփուած է շաբաթասկիզբը անակնկալ այցելութեամբ Անգարա ժամանած ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պեռնար Ֆասիէի ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն միջեւ հանդիպման արդիւնքները:
Հոն կը նշուի, թէ Ֆասիէ թուրք իշխանութիւններուն փոխանցած է այն պատգամը, թէ Երեւան-Անգարա մերձեցումը պէտք է ուղղակիօրէն կապել Ղարաբաղի տագնապին լուծման գործընթացին։
Ապրիլ 22ին հրապարակուած «ճամբու քարտէս»ի մասին յայտարարութենէն ետք, վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Պաքու այցելած էր եւ սկսած էր խօսելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու հարցին մէջ նախապայմանի մը մասին, պնդելով, որ սահմանները անկարելի է բանալ, մինչեւ հայկական ուժերը ետ չքաշուին Ղարաբաղը շրջապատող ատրպեճանական եօթը շրջաններէն։ Թրքական կողմի այս նախապայմանը անհանգստութիւն պատճառեց Մինսկի խմբակին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ունեցած շփումներէն ետք, ֆրանսացի համանախագահը յայտարարած էր, թէ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնները ուղղակիօրէն կապ մը չունին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման գործընթացին հետ: «Ճիշդ է, որ այս երկու գործընթացները կ՛ազդեն մէկզմէկու վրայ։ Թուրքիա-Հայաստան պատմական համաձայնութիւն մը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ տարածաշրջանի կայունութեան վրայ, սակայն այդ զարգացումը չի կրնար ազդել Ղարաբաղի բանակցութիւններու խորքային բնոյթին վրայ», ըսած է ֆրանսացի դիւանագէտը՝ անգամ մը եւս շեշտելով, թէ թուրք-հայկական եւ հայ-ատրպեճանական բանակցութիւնները պէտք չէ կապել իրարու։
Ֆասիէ նաեւ խուսափած է յստակ պատասխան մը տալէ այն հարցումին, թէ հայկական ուժերը պիտի քաշուի՞ն «գրաւեալ շրջաններէն», նշելով, որ այդ շրջաններէն զօրքերու դուրսբերումը կախեալ է ամբողջական համակարգը փոփոխութեան ենթարկող լիակատար համաձայնագիրէ մը։