ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան թելեթոնը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մայիս 31ին, նպատակ ունի զարկ տալու հայութեան մտահոգութիւնները պետական զանազան մակարդակներու վրայ լսելի դարձնելու աշխատանքներուն:
«Մէկ Ազգ. Մէկ Ապագայ. Մէկ Դատ» նշանաբանով ճամբայ ելած վեց ժամեայ դրամահաւաքի այս ձեռնարկը կարեւոր ներդրում մը պիտի բերէ տարին 365 օր աշխատող Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ապագան աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու աշխատանքերուն, որոնցմէ երկուքն են՝ հայ երիտասարդները քաղաքականացնել միտող Լէօ Սարգիսեանի անուան ու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի «Քէփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրները:
Աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր, Լէօ Սարգիսեանի անուան վարժողական ամառնային ծրագիրը առիթ ընծայած է տարբեր սերունդներու հայ երիտասարդներուն, որ մօտէն ծանօթանան Միացեալ Նահանգներու քաղաքական համակարգի գործունէութեան: Ութ շաբաթներու վրայ երկարող ծրագիրը իրարու քով կը բերէ Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքէն հայ երիտասարդներ, որոնք ներկայ կ՛ըլլան մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած դասախօսութեանց եւ ներկայացումներու, ինչպէս նաեւ կը մասնակցին աշխատաժողովներու եւ խորհրդաժողովներու, յատկապէս՝ իրենց համար պատրաստուած ծրագիրներուն:
Լէօ Սարգիսեանի անուան ծրագրին արձանագրած յաջողութենէն ոգեւորուած, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 2003ին սկսաւ վարժողական նոր ծրագիր մը՝ «Քէփիթըլ Կէյթուէյ» կոչուած վարժողական ծրագիրը, որ կեդրոնացած է յատկապէս ուսանողներու վրայ եւ կը փորձէ անոնց համար ապահովել Ուաշինկթընի մէջ հետաքրքրական վարժողական ծրագիրներու մասնակցութիւն եւ քաղաքական մարզին մէջ գործի կարելիութիւններ: Ցարդ աւելի քան յիսուն հայորդիներ մասնակցած են այս ծրագրին՝ աշխատանքի կարելիութիւններ ապահովելով քոնկրէսական գրասենեակներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական ու լրատուական հիմնարկներու մէջ:
Թելեթոնին հասոյթը պիտի տրամադրուի Հայ Դատի յանձնախումբի վերոյիշեալ երկու ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ պահանջատիրական աշխատանքի այլ մարզերը աւելի ազդու դարձնելու փորձերուն: