Հայկական Ցեղասպանութեան 94րդ Տարելիցի Ոգեկոչման Համագաղութային Միացեալ Մարմինէն Ստացած Ենք Հետեւեալ Հաղորդագրութիւնը.
«Այսու հրապարակաւ կու գանք յայտնելու մեր խորին շնորհակալութիւնները բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներկայութեամբ ուղղակի կամ անուղղակիօրէն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ուրբաթ, Ապրիլ 24ին, Մոնթեպէլլոյի յուշարձանին մօտ կազմակերպուած քաղաքական հաւաքին եւ մատուցուած Ս. պատարագին։
Շնորհակալութեան յատուկ խօսք ունինք Հայց. առաքելական, Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու պետերուն, թանկագին հոգեւորականներուն եւ սարկաւագներուն, որոնք հոգեպարար Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելով՝ մեր նահատակներուն հոգիները խաղաղեցուցին։
Մասնաւոր շնորհակալութիւն կը յայտնենք, Հայոց Ցեղասպանութեան 94րդ տարելիցին առիթով կազմակերպուած Միացեալ մարմնին մաս կազմող քաղաքական, հոգեւոր, բարեսիրական ու հայրենակցական միութեանց, նաեւ հաստատութեանց բոլոր անդամներուն ու համակիրներուն, որոնք իրարու մօտ գալով՝ միասնաբար նորոգեցին իրենց ուխտը հաւատարիմ մնալու համար մեր նահատակներուն Ս. Դատին։
Երախտապարտ զգացումներով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Լոս Անճելըսի հայ մամուլին, հեռատեսիլի կայաններուն, որոնք սիրայօժար իրենց մեծ նպաստը բերին այս հաւաքի փայլուն յաջողութեան մէջ։
Օրուան հանդիսավար, Կլէնտէյլ քաղաքի վերընտրեալ քարտուղար Արտաշէս Քասախեանին, պետական եւ ազգային գործիչներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ ու ելոյթներով մխիթարեցին մեր ժողովուրդը. բոլորին կը յայտնենք մեր անկեղծ շնորհակալութիւնները։ Թող մեր նահատակներուն խնկելի յիշատակը յաւերժ ապրի մեր ժողովուրդի մտքին եւ սրտին մէջ, եւ անոնց արդար իրաւունքներու հետապնդման գործը շարունակուի մեր ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն կողմէ, մինչեւ վերջնական յաղթանակ»։