ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանէն ճանչցած եմ զինք, եւ իր տարօնցիութեամբ հպարտ, նահապետական ընտանիքը: Եղբօր՝ Գագիկին հետ, աւելի շատ շփում ունեցած եմ: Դաշնակցական ընտանիք էր, այն ընտանիքներէն, որոնք խորհրդային լուծի տապալումին հետ ցնծութեամբ դիմաւորեցին ազգային գաղափարախօսութիւնը կրող կազմակերպութիւնը, զինուորագրուեցան ու ծառայեցին անոր առաջադրած նպատակներուն:
Ներսիկը ծնած է Երեւան, 1963, Մայիս 15ին: Երէկ իր տարեդարձն էր ու այս հարցազրոյցին առիթը օգտագործելով՝ կը շնորհաւորեմ իր ծննդեան օրը եւ իրենց յարկին տակ ունեցած քաղցր պահ մը յիշելով՝ կ՛անցնիմ անվերջանալի կենացի մը…
Հինգ տարեկանէն սկսած է երգել: Ուզես թէ չուզես՝ պիտի երգես, երբ ընտանիքիդ մեծերը, հպարտ իրենց ծագումով, հպարտ իրենց երեխաներու շնորհքով, ամէն հիւրի պիտի ներկայացնէին քեզ՝ պահանջելով երգել ու զարմացնել զանոնք:
Ընտանիքը, գուցէ այս պարագային աւելի ճիշդ է ըսել տոհմը, ազգային երգեցողութեան մթնոլորտով ապրած է ու այդ մթնոլորտով ներշնչած է իր նոր սերունդը:
Ներսիկ նաեւ երաժշտական մասնագիտական կրթութիւն ստացած է՝ յաճախելով Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժտանոցը՝ Քոնսերվաթուարը, 1987-1992 տարիներուն, եւ ուսման զուգահեռ աշխատած է պետական ձայնասփիւռի մէջ՝ կատարելով ազգագրական երգեր:
1995ին ընտանիքով եկած է Ամերիկա, ուր ինք եւ իր մեծ ընտանիքի բոլոր անդամները կը պահեն իրենց նահապետական կարգերն ու սովորութիւնները, սեղան կը նստին միայն հօր գլխաւորութեամբ, անոր ու մեծերուն խօսքն ու օրհնութիւնը առնելէ ետք միայն ճաշի սկսելով:
Ներսիկը իր հօր հետ հեղինակած է քառասուն երգեր, որոնց երաժշտութիւնը ի՛նք մշակած է: Երգերու բացարձակ մեծամասնութիւնը յեղափոխական ու ազգագրական բնոյթ ունի՝ փառաւորելով մեր նորագոյն ազատամարտի նահատակ հերոսները, ինչպէս նաեւ մեր ֆետայական անցեալէն եկած հեքիաթային հերոսները:
Իր յաջողած երգերու շարքին է, օրինակ, Սիմոն Աչիկէօզեանին ու Թաթուլ Կրպէեանին նուիրուած «Լերան Լանջին», նաեւ Շահէն Մեղրեանին ու Կարօտին նուիրուած երգերը: Իր արուեստին միջոցաւ, Ներսիկ այս անունները մեր առօրեային միախառնելով՝ իր ինքնուրոյն պայքարը կը տանի ազգայնական շունչը տարածելու ու իր շրջապատը ազգային-հայրենասիրական ոգիով տոգորելու համար:
Կան ազգագրական բազմաթիւ տարածուած երգեր, որոնք սիրելի դարձած են մեզի եւ որոնց հեղինակը ինքն է: Օրինակ, «Ասմար աղջիկ» երգը միայն պարի երաժշտութիւն էր. Ներսիկն է, որ բառեր գրելով՝ ժողովրդային երգի վերածած է զայն: Դարձեալ յաջողած երգերը մատնանշելով՝ կրնանք յիշել անոր «Վայ Նարէ Եար» ու «Երթանք Մեր Երկիրը Մուշ» երգերը, որոնք բաւական լայն տարածում ունին ու իրենց արդար տեղը գրաւած են սիրուած ազգագրական երգերու շարքին:
Ներսիկ նաեւ վերամշակած է հին երգեր, աշուղներու գործեր, ինչպէս Ղարսեցի Ֆարհատի ու Մշեցի Չարխի Ֆալաքի երգերը:
Ան եղանակներ յօրինած կամ մշակած է նաեւ Քամար Քաթիպայի բանաստեղծութիւններուն համար:
Ունի տասներեք խտասալիկներ, որոնցմէ ութն՝ յեղափոխական երգերու:
Նիւթապաշտ ու այլասերող միջավայրի մէջ յեղափոխական ու ազգագրական երգերու կատարումով՝ Ներսիկ կը ջանայ հայրենասիրութիւն քարոզել, միեւնոյն ժամանակ ազգագրական երգերու հանդէպ սէր ու յարգանք յառաջացնել: Օտար շեշտադրումներով երգերը կը նկատէ հոգին այլասերող, օտարացնող միջոց, որուն դէմ կը պայքարի իր կատարումներով, իր մշակումներով:
Իր գնահատումով, յեղափոխական երգերու ամէնէն հարազատ ու բիւրեղ կատարումները «Սայեաթ Նովա» անսամպլին կատարումներն են:
Տառապանքէն ծնած հերոսներու հարազատ արտայայտիչը յեղափոխական երգն է, կը նկատէ Ներսիկ: Անհրաժեշտ է յեղափոխական ոգին փոխանցել նոր սերունդին ու այդ կարելի է ընել միայն երգի ճամբով: Յեղափոխականութեան աւանդոյթի շարունակականութիւնը պէտք է ապահովուի, կ՛ըսէ ան՝ իր ուսերուն վերցնելով այդ շարունակականութիւնը երաշխաւորելու պարտականութենէն բաժին մը:
Ներսիկ առիթ ունեցած է այցելելու ու իր ելոյթներով խանդավառելու Սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութները՝ բացի Իրանէն ու Յունաստանէն: Վեց ամիս առաջ Լիբանան էր ան:
Մօտիկ ապագայի ծրագիրներով, ան կը պատրաստուի համերգներով հանդէս գալու Մոսկուայի, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ:
Ներսիկ ամուսնացած է Արմէնուհիին հետ: Ունին երեք զաւակներ՝ Արաբօ, Աշխէն եւ Անի:
Ստեղծագործական բեղուն կեանք կը մաղթենք Ներսիկին. թող յաջողութեամբ յառաջ տանի հայ երգն ու հայրենասիրական ոգին տարածելու իր առաքելութիւնը: Ահա՛ իր ծնունդի օրուան նուիրուած մեր սրտէն բխած մաղթանք-շնորհաւորանքը: