Ամփոփենք Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի Հայաստան այցելութենէն ետք, ցարդ արձանագրուած կարեւորագոյն փոփոխութիւնները՝ հայ-թրքական եւ հայ-ատրպեճանական քաղաքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս:
Առաջին փոփոխութիւնը երկկողմանի դրական արտայայտութիւններն են առանց նախապայմանի դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու վերաբերելալ:
Զանազան տեղեկագրութիւններու իմ ընթերցումս, այն տպաւորութիւնը թողած է, թէ երկու նախագահները որոշում առած են դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման վերաբերեալ, եւ պարզապէս այդ որոշման գործադրութիւնը վստահած են արտաքին գործոց նախարարներուն: Ուրեմն, այս հարցին լուծումը կը թուի, թէ ժամանակի խնդիր է:
Սահմաններու բացման գծով տակաւին որոշում չէ առնուած, սակայն այն փաստը, որ Կարս-Գիւմրի երկաթագիծի նորոգութեան աշխատանքները կը շարունակուին, կրնայ թելադրել, որ արտաքին երկու նախարարներու համագործակցութեան ոգիի զարգացումէն կախեալ է նաեւ այդ հարցին լուծումը, որուն հանդէպ, դարձեալ կը թուի, թէ երկու նախագահները սկզբունքային առնուազն հակառակութիւն չունին:
Ղարաբաղի հարցով, Թուրքիան յաջողեցաւ ինքզինք ներկայացնել աշխարհին՝ իբրեւ հայ-ատրպեճանական հակամարտութեան կարգաւորման յուսալի միջնորդ: Կիւլի Պաքու այցելութենէն ետք յայտարարութիւնը, Ալի Պապաճանի եռակողմ հանդիպում կազմակերպելը, ղարաբաղեան հարցը ընդհանրապէս Կովկասեան խաղաղութեան եւ կայունութեան ծրագրի սահմաններուն մէջ լուծումի մը յանգեցնելու տրամադրութիւնը կը խրախուսեն տեղական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:
Հայկական Հարցի վերաբերեալ նուազագոյն իսկ դրական տեղաշարժ բացարձակապէս անհաւանական կը մնայ: Ընդհակառակը, այս խնդիրի կապակցութեամբ, Թուրքիան իր քարոզչական արշաւը լիցքաւորելու ամէն հնարաւորութիւն շահեցաւ եւ, վստահաբար, հետագայ իր բոլոր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ պիտի օգտագործէ զայն՝ լիուլի:
Հայ եւ թուրք ժողովուրդներու միջեւ հոգեբանական պատուարներու քանդման գործընթացը կրնայ յոխորտալ որոշ նուաճումներով, դարձեալ ի հաշիւ Հայկական Հարցի լուսանցքայնացման:
Հայաստանի ձեռք ձգած ամէնէն մեծ իրագործումը՝ քաղաքական մեկուսացումի ընդդիմադիր մեղադրանքներուն ուժեղ պատասխան ապահովելն ու տնտեսական մեկուսացումը վերացնելու համար կարելիութեան դուռ բանալն է:
Տակաւին անշուշտ հարցի մակերեսն է, որ կը քերթենք, աւելի խոր վերլուծումներու սպասումով՝ մասնագէտներէն: