Արժանթինահայ գործարար Էդուարդօ Էռնեկեանի հրաւէրով, Սեպտեմբերի վերջերուն Հայաստան պիտի ժամանէ թենիսի ախոյանութեան յաւակնորդ Դաւիթ Նալբանդեան:
Արժանթինահայ աշխարհահռչակ թենիսի մարզիկը Հոկտեմբեր 2ին ցուցադրական խաղեր պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի մասնակցի թենիսի դասընթացքներու:
Դաւիթ Նալբանդեանի առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ ասիկա Հայաստան: