Ֆրանսահայ յայտնի դաշնակահար Ժան-Փօլ Գասպարեան բացառիկ մենահամերգներով ելոյթներ պիտի ունենայ Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ։ Համերգները կ՛իրականացուին Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան եւ Ֆրանսական հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ:
3 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Գասպարեան ելոյթ պիտի ունենայ Գիւմրիի «Կամերային» դահլիճին մէջ, իսկ 5 Ապրիլին՝ նոյն ժամուն, դաշնակահարը պիտի հիւրընկալուի Երեւանի Առնօ Բաբաջանեան›ի անուան համերգասրահին մէջ։
Գասպարեան պիտի կատարէ Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Մորիս Ռավէլի, Քլոտ Տեպիւսիի եւ Ժերար Գասպարեանի ստեղծագործութիւններէն օրինակներ։ Կատարումներէն շատերը ներառուած են Ժան-Փօլ Գասպարեանի նոր ալպոմին մէջ, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է հայկական երաժշտութեան եւ արժանացած է Diapason d’or շքանշանին եւ միջազգային մամուլին բուռն դրական արձագանգին (A Musician Of Huge Imagination, Gramophone):