Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվիըն նախորդ շաբաթ Սիւնիք տուած իր այցելութեան եւ գործընկերներու ու բարեկամներու հետ ունեցած հանդիպումներուն մասին յայտարարութիւն մը հրապարակեց։
«Մարզպետ Ռոբերտ Ղուկասեանի եւ տեղական պաշտօնեաներուն հետ հանդիպումներուս ընթացքին անդրադարձանք մարզին մարտահրաւէրներուն եւ կարելիութիւններուն: Գորիսի մէջ այցելեցի Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչներուն` դարձեալ փաստելու Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ընդգծելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեւական խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը: Ես նաեւ այցելեցի ամերիկեան «Քոնթուրկլոպըլ Հիտրօ Քասքէյտ» եւ «Ճի. Թի. Պի .Սթիլ» ընկերութիւնները, որոնք, հանդիսանալով ամերիկեան մեծ ներդրումներ Հայաստանի մէջ՝ ամերիկեան նորարարութիւններուն եւ արհեստագիտութիւններուն միջոցով նպաստ կը բերեն Հայաստանի տնտեսական այլազանեցումին, ուժանիւթի ապահովութեան եւ արդիւնաբերական աճի հարցերուն: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ սիւնեցիներուն՝ հիւրընկալութեան համար: Շուտով ես դարձեալ Սիւնիք պիտի այցելեմ», կ՛ըսուի Քվինիի հրապարակած յայտարարութեան մէջ: