«Արցախցիների իրաւունքների պաշտպանութեան խորհուրդը» յայտարարութեան մը միջոցով վերահաստատեց եւ յիշեցուց, որ 29 Մարտին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ մեծ հանրահաւաք մը` յանուն Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան:
Օրակարգային հիմնական հարցերն են` Արցախի ժողովուրդին հաւաքական վերադարձի հարցը յառաջ տանիլ, Հայաստանի մէջ արցախցիներուն ընկերային եւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, գերիները ազատ արձակելու ջանքերը եւ Արցախի մշակութային ժառանգութեան ու մասնաւոր սեփականութեան պաշտպանութիւնը:
«Յորդորում ենք բոլոր արցախցիներին եւ Արցախի ցաւով ապրող մեր մնացած հայրենակիցներին մասնակցել հաւաքին եւ մեր միասնական ձայնը բարձրացնել Հայաստանում եւ միջազգային հարթակներում Արցախի ժողովրդի իրաւունքների պաշտպանութեան համար: Արցախի թեման փակուած չէ, քանի դեռ կան մեր հաւաքական իրաւունքների համար պայքարողներ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մասին։
Հաւաքին եւ ընդհանրապէս արցախահայութեան վիճակին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեց նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Ազատ Հայրենիք – ՔՄԴ» խմբակցութիւնը՝ դիտել տալով, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն անգործութիւնը եւ անպատասխանատուութիւնը ստեղծած են անել իրավիճակ մը, որ կը սպառնայ արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ ապագային։
«Այս պայմաններում մեր հանրութիւնը չի կարող լռել եւ ստիպուած է բարձրացնել իր ձայնը` իր իրաւունքներն ու արդար պահանջները ներկայացնելու համար: Ուստի կոչ ենք անում բոլորին միանալ հանրութեան նախաձեռնած հանրահաւաքին եւ պահանջել ՀՀ կառավարութիւնից`
«- Մշակել եւ իրականացնել յստակ ու երկարաժամկէտ քաղաքականութիւն` Արցախի հայութեան սոցիալական ու տնտեսական խնդիրների լուծման համար,
«- Ապահովել տեղահանուած ընտանիքների կայուն կենսապայմաններ` ներառեալ բնակարանային, առողջապահական եւ կրթական ծրագրերը,
«- Կիրառել գործուն միջոցներ` աշխատատեղերի ստեղծման եւ տնտեսական զարգացման համար,
«- Միջազգային հարթակներում հետեւողականօրէն բարձրաձայնել Արցախի հայութեան կոլեկտիւ (հաւաքական) վերադարձի իրաւունքների հարցը,
«- Գործադրել իրաւական եւ քաղաքական բոլոր հնարաւոր լծակները` մեր գերեվարուած հայրենակիցների անյապաղ ազատման համար` նրանց հարցը բարձրացնելով միջազգային կառոյցներում եւ պահանջելով արդարութիւն», կ՛ըսէ խմբակցութիւնը իր յայտարարութեան մէջ։