
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Անահիտ Մանասեան աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Սթրազպուրկ։ Այս ծիրին մէջ, Մանասեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէի հետ, հաղորդեց Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը։
Մանասեան եւ Պերսէ քննարկեցին մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Մանասեան խօսեցաւ Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու վերաբերող հարցերու, ինչպէս նաեւ ՄԻՊ հաստատութեան մարտահրաւէրներուն մասին: Իր խօսքին մէջ Մանասեան անդրադարձաւ Ատրպէյճանի մէջ կամայականօրէն պահուող բնիկ հայերուն նկատմամբ իրականացուող գործընթացներուն` մարդու իրաւունքներու տեսանկիւնէն խնդրայարոյց ըլլալուն եւ այդ անձերը անյապաղ ազատ արձակելու կարեւորութեան հանգամանքին:
Հանդիպման աւարտին Մանասեան կարեւոր նկատեց Եւրոպական խորհուրդին հետ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութեան կայուն եւ կառուցողական համագործակցութիւնը` ընդգծելով Եւրոպական խորհրդարանի ծրագիրներուն դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան տարբեր ոլորտներու զարգացման մէջ:
ԲԱՔՒՈՒՄ ՊԱՀՈՒՈՂ ՀԱՅԵՐԻ ՀԱՐՑՈՎ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՓՈԽԱՆՑՈՒԵԼ ԵՆ ՄԱԿ-Ի ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԻՆ. ՄԱՆԷ ԹԱՆԴԻԼԵԱՆ
«Ապրելու Երկիր» կուսակցութեան համահիմնադիր Մանէ Թանդիլեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ 14 Մարտին, ՄԱԿի գրասենեակին մօտ ցոյցի ծիրին մէջ ուղարկուած նամակին պատասխանը ստացած են Հայաստանի մօտ ՄԱԿի մնայուն համակարգող Ֆրանսուազ Ժաքոպէն, որ՝ «մեր մտահոգութիւնները եւ հաղորդագրութիւնը փոխանցուել են ՄԱԿի համապատասխան մարմիններ, այդ թւում` Քաղաքական եւ խաղաղաշինութեան հարցերի բաժանմունքին, Մարդու իրաւունքների գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին եւ ՄԱԿի քարտուղարութեանը»։
«Յիշեցնեմ, որ մենք պահանջում ենք Ադրբեջանում ՄԱԿի Մշտական համակարգող հրատապ այցելի Բաքւում գտնուող մեր գերիներին եւ ներկայ գտնուի նրանց նկատմամբ իրականացուող «դատավարութիւններին», գրած է Թանդիլեան: