
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 60 քոնկրեսականներ կոչ ըրին արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին՝ կիրառելու «Ազատութեան զօրակցութեան որոշում»ի 907րդ յօդուածը, որ կը պահանջէ անյապաղ դադարեցնել ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին։
Քոնկրեսականները այս դիմումին իբրեւ դրդապատճառ կը նշեն Պաքուի կողմէ Արցախի 120,000 բնիկ հայ քրիստոնեայ բնակչութեան ցեղային զտումները, գերիշխան հայկական տարածքներու շարունակական բռնագրաւումը, ինչպէս նաեւ հայ գերիներու անօրինական բանտարկութիւնը եւ անոնց դէմ բռնութիւններու կիրառումը։
Քոնկրեսականներ Մայք Լոլըր, Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս եւ Կէյպ Ամօ նախաձեռնողներն էին Ռուպիոյին յղուած երկկուսակցական նամակին։
«Հայ Դատը կ՛ ողջունէ այս երկկուսակցական կոչը։ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բնիկ հայ քրիստոնեաներու ցեղասպանական ցեղային զտումներէն, գերիշխան հայկական տարածքներու շարունակող բռնագրաւումէն եւ հայ պատանդներու անօրինական բանտարկութենէն ետք, չենք կրնար պահանջել, որ ամերիկացիները օժանդակութիւններ յատկացնեն քարիւղով հարուստ եւ զեղծարար բռնապետութեան։ Շնորհակալութիւն կը յայտնենք քոնկրեսականներ Լոլըրին, Փալոնին, Պիլիրաքիսին եւ Ամոյին, ինչպէս նաեւ անոնց միացած քոնկրեսականներուն՝ իրենց բարոյական յստակ դիրքորոշման համար», յայտնեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։
Վկայակոչելով Պաքուի կողմէ Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան ցեղային զտումը՝ օրէնսդիրները նամակին մէջ կ՛ընդգծեն հետեւեալը. «Իր գործողութիւններուն համար անպատիժ մնալով՝ Ատրպէյճան կը շարունակէ վտանգել արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ապահովման ջանքերը՝ Հայաստանի դէմ շարունակական բռնարարքներով»։
Նամակը ստորագրողները նաեւ կը դատապարտեն Արցախի մէջ իրականացուող հայկական քրիստոնէական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու՝ Պաքուի համակարգուած ջանքերը։
Հայ Դատը նախաձեռնած էր արշաւ մը՝ աջակցելու այս գործընթացին եւ ANCA Rapid Responder համակարգին միջոցով Քոնկրեսին ուղղուած են առաւել քան 50,000 նամակներ։ Վերջին շաբաթներուն, «Հայ Դատի Ապագայ Ղեկավարներ» ծրագիրի երիտասարդ մասնակցողները միացան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին՝ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ այցելելով առաւել քան 400 քոնկրեսականներու գրասենեակները՝ այս նախաձեռնութեանն աջակցութիւն ապահովելու համար։